Հիմա հարցը պիտի ըլլայ այն, թէ ինչպէս վերջ տալ այս պատերազմին: Ի վերջոյ, պէտք է տեղ գտնել Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ համար, եթէ մենք չենք փափաքիր, որ Ռուսիան դառնայ Չինաստանի ֆորփոսթը Եւրոպայի մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղար եւ Պաղ պատերազմի ժամանակ ԱՄՆ-Չինաստան մերձեցման ճարտարապետ Հենրի Քիսինճըրը The Sunday Times-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ ուքրանական պատերազմի աւարտին պէտք է տեղ գտնել Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ համար:
«Հիմա հարցը պիտի ըլլայ այն, թէ ինչպէս վերջ տալ այս պատերազմին: Ի վերջոյ, պէտք է տեղ գտնել Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ համար, եթէ մենք չենք փափաքիր, որ Ռուսիան դառնայ Չինաստանի ֆորփոսթը Եւրոպայի մէջ», ըսած է Քիսինճըրը:
Ան նաեւ դրական արտայայտուած է Ուքրանիոյ հարցով ՆԱԹՕ-ի ձեռնարկած քայլերուն մասին` նշելով, որ այն ճիշդ դաշինք էր Ռուսիոյ Դաշնութեան հակազդելու համար, երբ այն համաշխարհային խաղաղութեան գլխաւոր սպառնալիքն էր: Ան նշած է, որ ՆԱԹՕ-ն դարձած է կառոյց մը, որ իւրօրինակ կերպով կ'արտացոլէ եւրոպական եւ ամերիկեան համագործակցութիւնը, ինչի համար ալ կարեւոր է զայն պահպանելը:
ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղարը իր կարծիքը յայտնած էնաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասին` ըսելով, որ զայն մտածկոտ քաղաքական գործիչ կը համարէ: Ըստ Քիսինճըրի, Փութինը խոհեմ վերլուծաբան է, որու հիմքը Ռուսիան է` որպէս ինչ-որ խորհրդաւոր էութիւն:
«Եւ այս տեսլականին մէջ Ուքրանիան առանձնայատուկ դեր խաղցաւ: Այս տարածքով անցան շուէտները, ֆրանսացիները եւ գերմանացիները, երբ անոնք կը ներխուժէին Ռուսիա, եւ մասամբ պարտուեցան, քանի որ այդ հիւծած էր զանոնք: Սա Փութինի տեսակէտն է», ըսած է Քիսինճըրը` յաւելելով, որ այս տեսակէտը կը հակասէ Ռուսիայէն առանձնանալու ժամանակաշրջանի ուքրանական պատմութեան:
Քիսինճըրի կարծիքով, Փութինի «խնդիրը» այն է, որ ան անկում ապրող երկիր կը ղեկավարէ եւ այս ճգնաժամին մէջ կորսնցուցած է չափի զգացումը եւ անոր ըրածին արդարացում չկայ: