Տաւուշի մէջ կան ատրպեճանական գիւղեր, որոնք կը գտնուուին մեր վերահսկողութեան տակ։ Չեմ բացառեր, որ ատոնք կրնան փոխանակուիլ։ Ես կը կարծեմ, որ կայ խնդիր, որ պէտք է լուծել։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Տաւուշի մարզպետ Վահէ Ղալումեանը։
Հայ-ատրպեճանական սահմանին ՀԱՊԿ-ի հետ ունեցած պարտականութիւններու շրջանածիրէն ներս ռուսական զօրքերու տեղակայման վերաբերեալ հարցին, մարզպետը պատասխանած է.
«Մենք ՀԱՊԿ-ի հետ ունենք պայմանագիր, որը մեր տարածքների հետ կապուած խնդիրների դէպքում կարող է գործել, ինչ-որ պահից պէտք է սկսի այդ համագործակցութիւնը»,– ըսած է Ղալումեանը՝ աւելցնելով, որ այս պահուն Տաւուշի մէջ որեւէ խնդիր չկայ։
«Սահմանագծման եւ սահմանազատման վերաբերեալ յանձնաժողով պէտք է ստեղծուի, լուծուեն սահմանում առկայ խոչընդոտները, որպէսզի գնանք երկարատեւ խաղաղութեան»։
Հարցին՝ ինչպէս կը վերաբերի ռուսական զօրքերու տեղակայման հայ- ատրպեճանական սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ, Ղալումեանը նշած է, որ եթէ խաղաղութեան պէտք է հասնիլ այդ ճանապարհով, ուրեմն պէտք է երթալ այդ ճանապարհով։