image

Տարօն Մարգարեան հրաժարականի դիմում գրած է. «Ժողովուրդ»

Տարօն Մարգարեան հրաժարականի դիմում գրած է. «Ժողովուրդ»

«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ. «Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ապագայի շուրջ տեսլականը արդէն որոշակի կը դառնայ: Անոր հրաժարականի դիմումը արդէն գրուած է, վերջինս ալ մի քանի օր է՝ աշխատանքի չ’երթար:

Աւելին՝ մեր տեղեկութիւններով՝ այժմ անորոշ իրավիճակ է քաղաքապետարանի մէջ, յատկապէս անոր հետ մտերմիկ յարաբերութիւններ ունեցող պաշտօնեաներու շրջապատէնն ներս, որոնք եւս չեն գիտեր անոնց ապագան: Սակայն ակնյայտ է, որ Տարօն Մարգարեանի ապագան կանխորոշուած է: Ակնյայտ է, որ այս փուլին Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան գերխնդիրը խորհրդարանական ընտրութիւններն են, սակայն միաժամանակ թոյլ չեն տար, որ մինչ այդ Տարօն Մարգարեանը մնայ քաղաքապետ:

Անոր լուծման բանալին ժամանակաւոր քաղաքապետ ունենալու մէջ է: Ըստ այնմ՝ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականէն ետք քաղաքապետի պաշտօնին անոր կը փոխարինէ աւագանիի ՀՀԿ անդամ, «Սինոփսիս»-ի ղեկավար Հովիկ Մուսայելեանը, զոր պիտի ընտրեն աւագանիի անդամները:

Քաղաքապետի պաշտօնին երկու անձի անուն կը քննարկուի՝ առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան եւ ԿԳ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան: