Հայաստան- Թուրքիոյ Սուրուճ աւանէն Հայաստան փոխադրուիլ որոշած սուրիահայերուն խումբին Երեւան ժամանումը յետաձգուած է: Այս մասին տեղեկացուց «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը, որ նաեւ յայտնեց, որ մեր հայրեակիցները շատ հաւանաբար Երեւան ժամանեն յառաջիկայ Չորեքշաբթի օր: «Զուարթնոց» օդակայան գտնուող մեր թղթակիցը նաեւ յայտնեց, որ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն ժամանումին յետաձգումը կապ ունի վերջին պահուն խումբին հետ Երեւան գալ փափաքող մէկ հայրենակիցին օրինական թուղթերու համալրման հետ: Տեղին է նշել, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան պատասխանատուներ այսօր նոյնպէս գտնուած են «Զուարթնոց» օդակայան պատշաճ կերպով դիմաւորելու համար մեր հայրենակիցները:Յիշեցնենք, որ Հայաստան փոխադրուող մեր հայրենակիցներուն պիտի ընկերակցի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքկանա տեղապահ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, որ կարգ մը ազգայիններու հետ համադրաբար կարեւոր ներդրում ունեցած է այս գործի յաջողութեան ի խնդիր:«Արեւելք» պիտի շարունակէ մօտէն հետեւիլ յառաջիկայ զարգացումներուն: