image

«Սուրմալու»ի գործով կան 4 ձերբակալեալներ. Յայտնի է անոնց ինքնութիւնը

«Սուրմալու»ի գործով կան 4 ձերբակալեալներ. Յայտնի է անոնց ինքնութիւնը

Այսօր դատախազութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, նշելով որ 25.08.2022թ. Երեւան քաղաքի դատախազութենէն ներս ուսումնասիրուած է 14 օգոստոսին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի դէպքով նախաձեռնուած եւ ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնէն ներս քննուող քրէական վարոյթի նիւթերը:

Քրէական վարոյթի նիւթերուն մէջ առկայ, անձանց կողմէ յանցանքի կատարման մասին վկայող փաստերու հիման վրայ 25.08.2022թ. դատախազը իր նախաձեռնութեամբ որոշում կայացուցած է երկու անձի նկատմամբ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 357-րդ յօդուածի 2-րդ մասով( Յօդուած 357.Հրդեհային անվտանգութեան կանոնները կամ պահանջները խախտելը, որն անզգուշութեամբ առաջացրել է մարդու մահ կամ այլ ծանր հետեւանք) հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու մասին:

Որոշումներն ուղարկուած են քննիչին եւ յանձնարարութիւն տրուած է օրէնքով սահմնանուած ժամկէտի մէջ նշուած անձանց մեղադրանք ներկայացնել եւ կալանաւորումը որպէս խափանման  միջոց ընտրելու միջնորդութիւն ներկայացնել դատարան:

Բացի այդ, քրէական վարոյթի նիւթերու ուսումնասիրութեամբ պարզուած է նաեւ, որ առկայ փաստերը կը վկայեն եւս երկու անձի նկատմամբ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 165-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (Յօդուած 165. Անզգուշութեամբ երկու կամ աւելի անձանց կեանքէ զրկելը)հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու բաւարար հիմքերու առկայութեան մասին, ուստի քննիչին յանձնարարուած է քրէական վարոյթ նախաձեռնել նաեւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 165-րդ յօդուածով եւ ձեռնամուխ ըլլալ մեղաւոր անձանց քրէական հետապնդում յարուցելուն ուղղուած վարոյթային գործողութիւններ կատարելուն:

Նոյն օրը քննիչի կողմէ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 165-րդ յօդուածի 2-րդ մասով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ եւ նշուած անձանց նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու միջնորդութիւններ ներկայացուած են դատախազին, որոնք բաւարարուած են:

Արդէն 26.08.2022թ. չորս անձ ձերբակալուած է:

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի գործով ձերբակալուածներէն մէկը առեւտուրի կեդրոնի փոխտնօրէնն է, միւսը՝ պայթած տարածքի վարձակալը: Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:

Միւս երկու ձերբակալուածները պահեստը շահագործողները եղած են: