«Արեւելք», Դամասկոս- Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդարանը կը շարունակէ հանդիսանալ հանդիսավայր կարեւոր եւ առանցքային հանդիպումներու։
Այս ծիրէն ներս օրերս Թեմի Առաջնորդ Արհը. Հ. Գէորգ Ասատուրեան ընդունած է այցելութիւնը շարք մը գործիչներու, որոնք հիմնարար աշխատանքներ կը տանին երկրի նոր սահմանադրութիւն մը պատրաստելու առնչութեամբ։
Այդ դէմքերէն կը հանդիսանայ ընդդիմադիր գործիչ եւ Ասատեան վարչակարգին դէմ օրինական պայքար տարած Տիար Հատի Պահրան։
Հանդիպումներուն ներկայ եղած է Դամասկոսի Թեմի Հայ Կաթողիկէ երիտասարդ միաբան Գերպ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ. Վրդ. Գէորգ Պահէն, իսկ Հատի Ալ Պահրայի կողքին հիւրերու շարքին եղած են հասարարական գործիչներ Տիարք՝ Իբրահիմ Պըրրոն, Ահմատ Պաքուրան, Զահի Թայարան, Շատի Սարուան եւ Ժորժ Նազերը։
Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան նիւթ դարձած է երկրի ներկայիս իրավիճակն ու ապագայի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ հանրային-քաղաքական կեանքին փոքրամասնութիւններու մասնակցութիւնը եւ նոր սահմանադրութեան մշակման հարցը։