Նախկին իշխանութեան հեռանալէն ետք ԱՄՆ-ի պատժամիջոցները Սուրիոյ նկատմամբ այլեւս արդարացուած չեն։ Այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարրան՝ անդրադառնալով Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներուն եւ մատնանշելով, որ «միջազգային համաձայնութիւն կայ ատոնք վերացնելու անհրաժեշտութեան շուրջ»։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Al Jazeera լրատուական գործակալութիւնը։
Շարրան պարզաբանած է, որ Սուրիան կանգնած է անվտանգութեան մեծ մարտահրաւէրներու առաջ, եւ ատոնց լուծումներէն մէկը տնտեսական զարգացումն է։ Անոր խօսքով՝ առանց տնտեսական աճի կայունութիւն պիտի չըլլայ, որն ալ քաոս ու անապահովութիւն պիտի առաջացնէ։
Սուրիոյ նախագահն անդրադարձած է նաեւ Պաշար Ասատի իշխանութենէն հեռանալէ ետք ռազմական հաստատութեան վերականգնման եւ նշած, որ հազարաւոր կամաւորներ միացած են սուրիական նոր բանակին։ Ան շեշտած է, որ պարտադիր զօրակոչ չէ սահմանած, այլ ընտրած է կամաւոր զօրակոչը՝ մատնանշելով, որ մեծ թիւով երիտասարդներ փախած են Սուրիայէն՝ խուսափելով նախկին իշխանութիւններու կողմէ պարտադրուած զինծառայութենէն։
Անցումային փուլին նախագահութիւնը ստանձնելու իր որոշման վերաբերեալ Շարրան ըսած է. «Ես չեմ ձգտած նախագահի պաշտօնի, այլ պատասխանատւութիւնն ինքն իրեն առաջ եկած է, եւ այժմ նպատակը նոր, ուժեղ եւ կայուն Սուրիա կառուցելն է»:
Անդրադառնալով Կազայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակին՝ Սուրիոյ նախագահը դատապարտած է Կազայի բնակչութիւնը տեղահանելու ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը՝ ընդգծելով, որ այն պիտի չյաջողի։
«Կազայի ժողովուրդը մէկուկէս տարի տառապանքի, սպանութեան եւ աւերածութիւններու արժանացած է եւ հրաժարած է լքել իր երկիրը», -ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ «մարդոց իրենց հողէն վտարելը մեծ յանցագործութիւն է, որ չի կրնար ըլլալ եւ չի յաջողիր»: