Վերջերս Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ բաւականին մեծ լարում գրանցուած է։
Խօսքը վերջերս տեղի ունեցած ընդհարումներու մասին է, որ տեղի ունեցան մէկ կողմէ իրանեան եւ միւս կողմէ ամերիկեան ուժերուն միջեւ։
Գիտենք անշուշտ, որ երկու երկիրներն ալ Սուրիոյ տարածքին ունին ռազմավարական կեդրոններ, որոնք յատկապէս տարածուած են երկրի նաւթի պաշարներու կարեւորագոյն հանքավայրերու շուրջ։
Այս թեմային եւ յառաջիկայ հաւանական զարգացումներուն մասին խօսած է մեկնաբան՝ Սագօ Արեան, որ նաեւ բացատրութիւններ տուած է երկու կողմերուն ունեցած ռազմական հնարաւորութեանց մասին։
«Արեւելք»ի Youtube-եան ալիքով ներկայացուած տեսանիւթին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ սուրիացի ռազմական լրագրող Խալէտ Սքաֆ, որուն դիտարկմամբ վերջին թէժացումները կապ ունին յատկապէս Չինաստանի միջնորդութեամբ եղած Սէուտ-իրանեան համաձայնութեան հետ։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։