image

Սուրիոյ խաղաղ կեանքի վերականգնման գործին Հայաստանը աշխոյժ մասնակցութիւն ունի. ՌԴ գլխաւոր շտապի պետ

Սուրիոյ խաղաղ կեանքի վերականգնման գործին Հայաստանը աշխոյժ մասնակցութիւն ունի. ՌԴ գլխաւոր շտապի պետ

«Հայաստանը աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Սուրիոյ մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնման գործին»,-այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար, բանակի զօրավար Վալերի Կերասիմովը։

Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական էջին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, ան շնորհակալութիւն յայտնած է այդ աջակցութեան համար Հայաստանի  Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանին։ Անոնց հանդիպումը կայացած է Մոսկուայի մէջ:

Ռուսաստանի գլխաւոր շտապի պետը ընդգծած է, որ Հայաստանը Ռուսաստանի դաշնակիցն ու առանցքային գործընկերն է Անդրկովկասի մէջ։