image

Գամիշլիի մէջ. Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին հարստացաւ երկու քահանաներով

Գամիշլիի մէջ. Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին հարստացաւ երկու քահանաներով

Օրերս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ճեզիրէի թեմէն ներս ուրախութեան մթնոլորտի մը մէջ եկեղեցին հարստացաւ երկու քահանայ հայրերով։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ խմբագրութեանս յղուած հաղորդագրութեամբ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

«Քահանայք Քո զգեցցին զարդարութիւն, եւ սուրբք Քո ցնծալով ցնծասցեն»: (Սղմ․ ՃԼԱ.) 

18 Մայիս 2024-ին, Եօթներորդ Շաբաթ Յինանց, ժամը 17:00-ին, Գամիշլիի Ս․ Յովսէփայ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ Տէր Գրիգոր Սրկ․ Սանոյեանի եւ Տէր Նուպար Սրկ․ Մելքոնեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարգը՝ ձեռամբ Բարձր Ճեզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհի․ Տէր Անդրանիկ Եպս․ Այվազեանի, առընթերակայութեամբ՝  Գերյ. Հ․ Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի եւ Գեր. Հ․ Մովսէս Վրդ․ Տօնանեանի։ 

 

Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Ճեզիրէի Հայ Առաքելական Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, եւ Արժ. Տ. Պսակ Քհն. Պէրպէրեանը։ 

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ասորի Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հոգեւորականները, Քաղդէացի եկեղեցականները, Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելին եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ 

Յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին՝ ձեռնադրութեան սրբազան արարողութեան պահուն, մինչ կը հնչէր «Այսօր Աստուածութիւնն զուարճանայ» շարականը, երկու նորընծայ սարկաւագները դասին մէջ ծնկաչոք և բազկատարած, դէպի ժողովուրդը դարձած՝ ցոյց կու տան իրենց հրաժարումը այս աշխարհէն եւ նուիրումը սուրբ եկեղեցւոյ ծառայութեան։ 

Այնուհետեւ, եկեղեցական դասը եղանակեց «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» աղօթքը, իսկ հաւատացեալները իբրեւ վկայութիւն պատասխանեց․ «Արժանի է»։ 

 

Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, Գերապայծառ Տէրը օրուայ պատշաճի խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն․ 

“Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս, 

Այսօր մեծ ուրախութիւն է մեր հայ կաթողիկէ թեմին համար, որովհետեւ երկու նոր մշակներ ունեցանք ծառայելու մեր հայ ժողովուրդին և փառաւորելու զԱստուած։ 

Քահանայութիւնը՝ նուիրում է, ծառայութիւն եւ առաքելութիւն։ 

Դուք եղած էք ծառայելու համար եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։ 

Եղեք այսուհետեւ հեզ, պարզ եւ եղբայրասէր ձեզի յանձնուած հօտին նկատմամբ։ 

Հոգեգալստեան նախօրէին, Հ․ Կ․ Եկեղեցին իր Հովուապետով, Քահանաներով և ժողովուրդով հաւաքուած ենք Վերնատունը, նման տասներկու Առաքեալներուն և Տիրամօր ընդունելու Ս․ Հոգւոյն եօթնարփեան պառգեւները։ 

Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ ձեր ընտանիքները եւ կը մաղթեմ ձեզի բեղուն առաքելութիւն, ի սպաս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պայծառութեան։” 

 

Ապա, Գերապայծառ Տէրը ձեռքերը դնելով երկու նուիրեալ սարկաւագներուն գլխուն վրայ կ՛արտասանէ ձեռնադրութեան մեծ աղօթքը․ որմէ ետք, անոնք պատարագի հանդերձանքը կը զգենուն և դարձեալ կը կանգնին ձեռնադրիչ Եպիսկոպոսին առջեւ, որ սրբալոյս միւռոնով կ՛օծէ անոնց ճակատները ու ձեռքերը։ 

Օծման արարողութեան աւարտին, նորընծայ քահանայները կը ստանան 

Գերապայծառ Տիրոջմէ «զսկիհն Գինիով եւ զմաղզմայն Նշխարով» որպէս իշխանութիւն սուրբ պատարագ մատուցանելու ։ 

Ի վերջոյ, նորօծ քահանայները իրենց առաջին օրհնութիւնը կու տան ժողովուրդին։ 

Առ ի գիտութիւն հաւատացելոց, Քահանայական Ձեռնադրութեան առաջին մասը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 17 Մայիս 2024-ին, երկոյեան ժամը 19:00-ին, Գամիշլի Սուրբ Յովսէփայ Հ․ Կ․ Աթոռանիստ մայր տաճարի մէջ։ 

 

 

  Նիւթը պատրաստեց՝ 

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան