image

Սպասողական իրավիճակ Իրանի մէջ. մինչեւ այս պահը յայտնի չէ նախագահ Ռայիսի ճակատագիրը

Սպասողական իրավիճակ Իրանի մէջ. մինչեւ այս պահը յայտնի չէ նախագահ Ռայիսի ճակատագիրը

Արդէն 12 ժամ անցած է այն պահէն, երբ Իրանի նախագահը փոխադրող ուղղաթիռին հետքերը չեն գտնուած։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց իրանեան լրատուամիջոցներէ։

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, կը նշուի որ Իրանի նախագահի ուղղաթիռը բնութենական ծանր պայմաններու հետեւանքով ինկած է։

Անկէ ետք եւ մինչեւ այս պահը որոնողական աշխատանքները արդիւնք չեն տուած եւ Իրանի նախագահին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անորոշ։

Յիշեցնենք, որ նախագահ Ռայիսին իր հետ ունենալով երկրի արտաքին գործոց նախարար  Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը, մեկնած էր Ատրպէյճանի հետ սահմանային հատուած, ուր տեսակցութիւն ունեցած էր Ալիեւի հետ եւ ներկայ եղած էր միացեալ ճիգերով կառուցուելիք ջրամբարի մը հիմնարկէքի արարողութեան, որմէ ետք նախագահը պիտի մեկնէր Թեհրան ու պատահած էր այդ արկածը։

Իրանեան լրատուամիջոցներ, որոնք կը հետեւին զարգացումներուն, մինչեւ այս պահը կը յայտնեն, որ ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ կապուած նախագահ Ռայիսիի ու անոր ընկերակցողներու ճակատագրին։