image

«Չիմենթօ. Դուն գնայ, ես կու գամ…»

  «Չիմենթօ. Դուն գնայ, ես կու գամ…»

«Տարիներ անցան քանի քանի. նոյն տեղն ենք. նոյն դէմքերը. անփոփոխ. բան չմնաց կանգուն. չեն հասկնար. ըսէ ով չէ ընկերդ ըսեմ ով ես. նահանջը երգով. մայաները ով ե՞ն որ. չիմենթօ. դուն գնա. ես կու գամ.»։ 

 

 Լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան կը գրէ՝

Վերջերս հետաքրքրութիւնս կեդրոնացուցած եմ հին արձանագրութիւններու վրայ, անոնց պեղումը իրականացնողներու աշխատանքին, եւ զուգահեռ՝ անոնց՝ արձանագրութիւններուն պարունակած հազարաւոր տարիներու հեռաւորութենէն մեզի փոխանցուած պատգամները ուսումնասիրելով։

Մայաներէն մինեւ Հիթիթներ, Հին Եգիպտոսէն մինչեւ Հռոմէական, հեռաւոր Բերուի Ինգաներէն անցնելով, Չինաստանի առասպելական կայսրութիւն, հասնելով մերոնց՝ Ուրարտական տարածաշրջան՝ բոլորն ալ իրենց ետին թողած են արձանագրութիւններ, իւրաքանչիւրը իր ոճով, իր կրցածին չափով հասկնալի ըլլալու ջանքով, իւրաքանչիւրը իր օրուան պայմաններուն եւ միջոցին համաձայն եւ տեսքով։

Գամագիր- սեպագիր արձանագրութիւնները մերոնց՝ (Ուրարտացի տղոց), ամենասիրածս են, ոչ միայն անոր համար որ «մերինններն են», այլ որովհետեւ անոնց բովանդակութիւնը հոգեհարազատ է, եւ եթէ լաւ կարդաս, շատ այժմէական։

Օրինակ այս նկարը , որ այս գրառումին կցուած կը գտնէք, խորքին մէջ գրառում մըն է, գրեթէ ամբողջութեամբ քննադատական ոճով։ Գրողին անունը յայտնի չէ, բայց նախավերջին տողով ընթեռնելի է «ՀԱՐԶԱՐ», որ ենթադրել կու տայ «Հարեւան Զարուկ». գրառումին բովանդակութիւնը կ՚արտագրեմ հոս, գրողին ուսերուն թողելով հինգ հազարամեայ պատասխանատուութիւնը։ Կը բաւարարուիմ առաջին տողերը արտագրելով եւ կիսուելով ձեզի հետ, առանց ստանձնելու բովանդակութեան տառն ու ոգին։

«Տարիներ անցան քանի քանի. նոյն տեղն ենք. նոյն դէմքերը. անփոփոխ. բան չմնաց կանգուն. չեն հասկնար. ըսէ ով չէ ընկերդ ըսեմ ով ես. նահանջը երգով. մայաները ով ե՞ն որ. չիմենթօ. դուն գնա. ես կու գամ.»։ 

Շարահիւսութիւնը չհասկցայ, ոչ ալ նիւթը. բայց քանի մը անգամ ետեւ-ետեւի կարդացի, եւ զգացի կախարդական բան մը, որ մեր օրերու ֆրանսերէնով կը կոչեն «տէժավիւ»։