Օրուայ հիւր Պրն. քաղաքապետը իր խօսքին մէջ խօսեցաւ յաւուր պատշաճի վեր առնելով մօր նուիրական դերն ատկանիշները։
Ան նաեւ անդրադարձ մը կատարեց ի մասնաւորի հայ մօր կերպարին յիշեցնելով անոր սխրանքներով լեցուն կեցուածքները, թէ Հայոց այլ Ցեղասպանութեան ժամանակներուն, թէ ալ հայկական Արցախի հերոսական պայքարներու ժամանակ։ Ան նաեւ խոստացաւ որ քաղաքապետարանը շուտով որոշում մը պիտի կայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթող մը կառուցելու համար Լիմասոլ քաղաքին կեդրոնական շրջանին մէջ։
Լիմասոլի ՀՅԴ-ի խումբը 19 Մայիսին կազմակերպեց «Մայրերու օր»ուան առթիւ ճաշկերոյթ մը Լիմասոլի Եկեղեցի-Դպրոց համալիրի շրջափակին մէջ մեծ յաջողութեամբ։
Լիմասոլի պատանիները կոկիկ յայտագրով մը ճոխացուցին օրուայ ճաշկերոյթը։ Ճաշկերոյթին ներկայ էր Լիմասոլի Քաղաքապետ Նիկոս Նիկոլաիտիսը իր տիկնոջ հետ, ապագայի կայանալիք քաղաքապետարանի ընտրութիւններու թեկնածուներ, Լիմասոլի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենապետը Կիպրոսի Հ․Յ․Դ կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Հ․Մ․Ը․Մ – Հ․Ե․Մ․ ի Ատենապետը եւ այլ պատկան մարմիններու անդամներ եւ մեծ թիւով ներկաներ, որոնց մէջ նաեւ այս առթիւ Նիկոսիայէն ժամանած հայրենակիցներ։
Օրուայ հիւր Պրն. քաղաքապետը իր խօսքին մէջ խօսեցաւ յաւուր պատշաճի վեր առնելով մօր նուիրական դերն ատկանիշները։
Ան նաեւ անդրադարձ մը կատարեց ի մասնաւորի հայ մօր կերպարին յիշեցնելով անոր սխրանքներով լեցուն կեցուածքները, թէ Հայոց այլ Ցեղասպանութեան ժամանակներուն, թէ ալ հայկական Արցախի հերոսական պայքարներու ժամանակ։ Ան նաեւ խոստացաւ որ քաղաքապետարանը շուտով որոշում մը պիտի կայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթող մը կառուցելու համար Լիմասոլ քաղաքին կեդրոնական շրջանին մէջ։
Հիւրերը ու ներկաները մեծ ուրախութեամբ եւ օրուան խորհուրդով զօրացած ու մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն։
Նշենք, որ սոյն ձեռնարկի յաջողութեան գլխաւոր հիմնական դերը ստանձնած եղած է ՀՅԴ Լիմասոլի խումբը, որու կողքին եղած է Կիպրահայ համայնքի յարգուած անդամներէն, Լիմասոլի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տիար Սեպուհ Արմենակեան։