image

Սուրբ Ծնունդի Խթումը եւ Ղըդդամի Խիթամը

  Սուրբ Ծնունդի Խթումը եւ Ղըդդամի Խիթամը

Խըթման գիշերը, լուսածագէն առաջ, զոր կը կոչէին Խիթամ, այսինքն աւարտ, գիւղացիները աղբիւր կ՛երթային, ձեռք-երես կը լուային՝ ըսելով․ 

- Եա գուտտաս ուա եա Գատիտոս, լա թուդալլէղ ֆինի լահուպ ուա լա նապուզ (Ով սրբութիւն սրբոց, մի՛ նայիր ինծի բարկացած եւ հպարտութեամբ)։ 

Կուժերը լեցուն տուն կու գային ու ջուրը կը հրամցնէին բոլորին, ապա կ՛երթային պարտէզ ու մեծկակ քարեր կը կապէին պտղատու ծառերուն, որ բերքը առատ ըլլայ։ Այս քարերը ծառերուն վրայ կը մնային մինչեւ Մարտ- ապրիլ ամիսները։ 

Բնիկ Քեսապցի բանասէր եւ մտաւորական ՝Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ ՝

Հայ եկեղեցին Յունուարի 6-ին Սուրբ պատարագէն ետք կը կատարէ Ջրօրհնէք, որ կը խորհրդանշէ Յորդանան գետին մէջ Քրիստոսի մկրտութիւնը։ «Խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած հրաշագործ ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին՝ ի բժշկութիւն հոգեւոր եւ մարմնաւոր ախտերու»։ 

Ս․ Ծնունդի տօնը կը ներառէ թէ՛ Քրիստոսի ծնունդը, թէ՛ մկրտութիւնը։

Անտիոքի շրջանի հայերը իւրայատուկ սովորութիւններ ունէին Ծնունդի խթման գիշերով, երբ կ՛աւարտէր եօթնօրեայ պահեցողութիւնը։ Քեսապի մէջ, երբ տան մէջ կիները Ծնունդի ճաշեր կը պատրաստէին՝ սուխմիկ, գլոր, քիշկիկ եւ այլն, տղաք, բոլորովին մերկ, կը վազէին խանտակ (գետ), կը նետուէին մեծագոյն գուբին մէջ ու յատակէն ափաչափ քար մը գտնելով կը բերէին պարտէզ՝ առանց ետեւ նայելու, ու քարը կը դնէին ձեթենի կամ այլ պտղատու ծառի մը վրայ։։ 

Նման բան կ՛ընէին նաեւ մուսալեռցիք․ «Ծնունդի իրիկունը, մասնաւոր աղօթասացութեամբ, քարեր կը կախէին պտղատու ծառերէն, հաւատալով որ անոնց պեղաբերութւթիւնը կ՛աւելնայ» (Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-Տաղի պապենական արձագանգներ, էջ 25)։

Մեր կողմերու ալաուիները (ալեւի, նուսէյրի, թաթ) նման տօն մը կը կոչեն Ղըդդաս, այսինքն՝ ջրասուզում։ Կը համընկնի Յունուարի 19-ին, իսկ տեղ-տեղ՝ Յունուարի 6-ին։ Խըթման գիշերը, լուսածագէն առաջ, զոր կը կոչէին Խիթամ, այսինքն աւարտ, գիւղացիները աղբիւր կ՛երթային, ձեռք-երես կը լուային՝ ըսելով․ 

- Եա գուտտաս ուա եա Գատիտոս, լա թուդալլէղ ֆինի լահուպ ուա լա նապուզ (Ով սրբութիւն սրբոց, մի՛ նայիր ինծի բարկացած եւ հպարտութեամբ)։ 

Կուժերը լեցուն տուն կու գային ու ջուրը կը հրամցնէին բոլորին, ապա կ՛երթային պարտէզ ու մեծկակ քարեր կը կապէին պտղատու ծառերուն, որ բերքը առատ ըլլայ։ Այս քարերը ծառերուն վրայ կը մնային մինչեւ Մարտ- ապրիլ ամիսները։ 

Ուրիշ տեղ, 6 Յունուարին, լուսածագէն առաջ, երիտասարդները կը փութային աղբիւր, կը գտնէին մեծագոյն ու ամենախոր գուբը, կը կտրէին սառոյցը ու կը նետուէին անոր մէջ։ Կուժերը ջուր լեցնելով ճամբուն վրայ ջուրը կը ցօղուէին ամէն բանի վրայ, մանաւանդ ծառերուն։ Մայրերը իրենց հետ կը բերէին երկու ցօղիկ ու ցոյց տալով հաւերուն կ՛ըսէին․ «Շարէք, պարէք (մասնակցեցէք, օրհնեցէք), ամէն տարի թուխս նստէք»։ 

Այլ գիւղերու մէջ տղաք կը փութան աղբիւր, կը մօտենան գուբի մը, կը կտրեն սառոյցը եւ կը լոգնան, ապա վազելով քարեր կը դնեն պտղատու ծառերուն վրայ։ 

Զարմանալի նմանութիւններ դաւանաքով ու լեզուով տարբեր, բայց համատեղ ապրող ժողովուրդներու միջեւ։

Բարի Ս․ Ծնունդ բոլորիս, բարի վերածնունդ։