image

Սոնա Թաթոյեանի նոր փայլքը՝ «Ազատ» խորագրով. Հալէպի մեծ հօր պատրաստած տիկնիկներէն, մինչեւ ինքնութեան հարցեր

Սոնա Թաթոյեանի նոր փայլքը՝ «Ազատ» խորագրով. Հալէպի մեծ հօր պատրաստած տիկնիկներէն, մինչեւ ինքնութեան հարցեր

Տարբեր առիթներով «Արեւելք» գրած է արմատներով Սուրիայէն եւ երկար ժամանակէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուած տաղանդաւոր դերասանուհի՝ Սոնա Թաթոյեանին մասին։

Այս առումով ալ մեր «գտած» նորութիւնը բոլոր առումներով դրական պէտք է բնութագրել, որովհետեւ մեր ներկայացուցած նիւթին թելերը կը խօսին այն մասին, որ Սոնա Թաթոյեանն արդէն ստեղծագործական նոր  հանգրուանի մը առջեւ է։

Ան ընտրած է «Մենաթատրոն»ի ժանրը, որուն բեմագրական երանգները, նիւթին հարստութիւնը եւ անհատին  ապրած փորձառութիւն ու կրած ժառանգութիւնը վստահօրէն յաջողութեան նոր դռներ պիտի բանան մեր հայրենակցուհիին առաջ։

Կարդացէք եւ պիտի համոզուիք, եւ միշտ բարի երթ Սոնա Թաթոյեանին։

1 Փետրուարին, Միացեալ Նահանգներու Ուէյք Ֆորէսթ համալսարանի կերպարուեստի կեդրոնի Թետֆորտ բեմին վրայ տեղի ունեցած է «Ազատ (Նապաստակն ու Գայլը)» ներկայացումը, համալսարանի շրջանաւարտ Սոնա Թաթոյեանի մտայղացումով եւ կատարումով: Արմատներով՝ Հալէպէն մեր հայրենակցուհին ներկայացուցած է իր սեփական կեանքի պատմութիւնը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ համալսարանի Old Gold And Black պաբերաթերթէն:

Ներկայացման մասին բեմադրիչ Մեցոջին ըսած է,- «Ելոյթը իսկապէս չէր նմաներ իմ տեսած որեւէ ներկայացման : Պատմութիւնը կը փորձէր վերհանել Թաթոյեաններու հայկական ընտանիքի յարաբերութիւնները, անոնց կրած խոցելի հարցերը եւ ապրած փորձառութիւնները: 

Սոնա Թաթոյեան բազմաթիւ հեքիաթներ իրար կապած էր փոխաբերութիւններու միջոցով, ինչպէս՝ «Հազար ու մէկ գիշեր», «Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ», «Կարմիր գլխարկիկը»:

Թաթոյեան, որպէս հեքիաթ պատմող, կը ներկայացնէր ազատ բեմադրութիւն մը, որ ջերմ պատմութիւններէն անցաւ աղմկայարոյց ճիչերու: Ան բեմին միակ դերասանն էր, հետեւաբար մեծ ջանք կը գործադրէր հանդիսատեսը ներգրաւելու համար: Ան ծաղկեցուց դերը, եւ ինչպէս Սոնան կ'ըսէ ան իր մէջ աւելի գտած է հեքիաթ պատմողի կոչումը, քան իր հօր նման բժիշկ դառնալը:»

Թաթոյեանի ելոյթի բեմի յարդարումը կարծես տաքուկ տուն մը ըլլար, փարթամ նախշաւոր գորգերով, դարակներուն վրայի գիրքերով, սեղաններուն վրայ ցրուած թուղթերով եւ բարձիկ-աթոռներով: Տեսարանը ապահոված է հակադրութիւն մը կոպիտ տիկնիկներուն եւ թարթող լուսաւորութեան հետ, որոնք բեմը կենդանացուցած էին ելոյթի ողջ ընթացքին:

Ելոյթին ներկայացուած էին տեսահոլովակներ, նկարներ, ստուերային տիկնիկներ: Հետաքրքրական էր, որ այդ տիկնիկներէն շատերը պատրաստուած են Թաթոյեանի մեծհօրը՝ Աբգարի կողմէ: Թաթոյեան ելոյթի ընթացքին զրուցած է տիկնիկներուն հետ: 

Ըստ բեմի պատասխանատուի օգնական՝ Քարլի Կալպրէթին՝ «Ազատ»ի անձնակազմը յոյս կը ներշնչէ թատրոնի ապագայի նկատմամբ, ընդգծելով, որ «Անոնք ոչ միայն ստեղծագործութիւններ են, որոնք կը նստեցնեն մարդիկը իրենց տեղերը դիտելու, այլ նաեւ կ'արտադրեն բովանդակալից եւ տեղին գործեր»։ Ան նշած է, թէ ելոյթը յառաջիկային պիտի ցուցադրուի Նիւ Եորքի մէջ, ուր սակայն պիտի փորձեն կրճատել 30 վայրկեանով: 

Նշուած է, որ գործին գեղարուեստական յայտարարութեան մէջ Թաթոյեան գրած է, որ այս ելոյթին վրայ աշխատիլը առիթ տուած է, որ ան տեսնէ, թէ «Մենք կ'ընտրենք ձեւաւորել մեր փորձառութիւնը, այնպէս ինչպէս այն կը տեսնենք»: Այս մէջբերումը հիանալի կերպով ցոյց կու տայ, թէ ինչ կարելի է հասկնալ «Ազատ»էն եւ թէ ինչպէս բոլորս կրնանք դառնալ մեր իսկ պատմութիւններուն «հերոս»ն ու ներկայացնողը։

 

 

 «Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ.Գասպարեան