image

Ստեփանակերտի մէջ. Նախագահ Փութինի պատկերով եւ ռուսական դրօշներով վերաբացուեցաւ առաջին դպրոցը

Ստեփանակերտի մէջ. Նախագահ Փութինի պատկերով եւ ռուսական դրօշներով վերաբացուեցաւ  առաջին դպրոցը

Պատերազմէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ բացուած է առաջին դպրոցը: Այս մասին կը յայտնէ OTR-ը՝ նշելով, որ չճանչցուած հանրապետութեան մէջ ուսումնական հաստատութիւնները չեն աշխատած հակամարտութեան սրման պատճառով: Բացի անկէ՝ մարտերու ընթացքին շատ շէնքեր վնասուած են:

Լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, որ 10 նոյեմբերին՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք, ռուս խաղաղապահները կ'օգնեն վերականգնել վնասները: Առաջին ուսումնական հաստատութիւնը, որ բացաւ իր դռները երեխաներու համար, քաղաքային թիւ 2 դպրոցն էր: Աշակերտները մէկուկէս ամիս չէին յաճախած դպրոց:

«Այսօր մենք կ'աշխատինք բոլոր ուղղութիւններով, ոչ միայն դպրոցներ բանալու ուղղութեամբ: Այսօր մենք նաեւ կը նպաստենք բոլոր կենսական նշանակութեան հաղորդակցութիւններու վերականգնման՝ թէ՛ կազատար, թէ՛ ելեկտրական ջերմուժ եւ թէ՛ հաղորդակցութիւն»,- ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահ վերահսկողութեան կեդրոնի ղեկավար Սերկէյ Ժմուրինը:

Նշուած է նաեւ, որ ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն աշխատիլ ականազերծման ուղղութեամբ: Երեք օրուայ ընթացքին սակրաւորները պայթուցիկներէ մաքրած են աւելի քան երկու հա տեղանք եւ մօտ երեք քիլոմեթր ճանապարհ: Չէզոքացուած է 144 ական եւ չպայթած զինամթերք: