Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան ապրիլին պետական այցով պիտի մեկնի Ատրպէյճան։ Այս մասին երեքշաբթի Trend-ին յայտնած են Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանութենէն։
Այցի շրջածիրէն ներս պիտի կայացուի ատրպէյճանա-իրանական գործարար համաժողով, նախատեսուած է շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրում։