Այստեղ անգամ մը եւս կ՛ուզենք Վազգէն Ա. Վեհափառի մի այլ խորդածութիւն մէջբերել: 1976 թուականի սուրբ միւռոնի օրհնութեան առիթով արտասանած իր քարոզը կարծէք պատգամ մըն է ուղղուած այս օրերին համար. «Մեր ժողովուրդը հաւատում է, եւ մեր պատմութիւնն էլ վկայում է, որ սրբալոյս միւռոնը ունի իր մէջ նաեւ եղբայրական զօրութիւն, այսինքն՝ թէ բոլոր նրանք ովքեր ընդունում են իրենց ճակատի վրայ դրոշմը այս միւռոնի, դառնում են նոյն եկեղեցու, նոյն ազգի անբաժանելի զաւակները, եւ դառնում այդպէսով հարազատ եղբայրներ: Համայն հայ ժողովուրդը սուրբ միւռոնով կազմում է անքակտելի մի եղբայրութիւն՝ հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային իմաստով: Այս մանաւանդ թելադրանքն է եւ պատգամը մեր բազմադարեան պատմութեան
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Յովնան արք. Տէրտէրեանի Միւռոնօրհնէքի սպատմադրոշմ արարողութեան առընթեր յղած պատգամը։
Օրեր առաջ սուրբ Էջմիածնի լուսատու կամարների ներքոյ օրհնուեց Սրբալոյս նոր միւռոնը: Հոգեպարար արարողութեանը անձամբ ներկայ եղանք եւ մասնակից դարձանք պատմութեան կնիքը իր մէջ կրող սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան:
Ի՞նչ է սուրբ միւռոնը հայ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար: 1976 թուականի Սեպտեմբերին, երբ առաջին անգամ ոտք դրինք Սուրբ Էջմիածին, այնտեղ լսեցինք պատգամը հոգելոյս Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Լսեցինք պարզ ու սակայն մեր հոգիին լոյս ներշնչող բառերը նուիրուած սուրբ միւռոնին, թէ՝ ինչպիսի նիւթերով կը պատրաստուի այն, խնամեալ աղօթքներով ու երկիւղած սրտով, քանզի այն իր մէջ կը կրէ Քրիստոսով նուիրագործուած ու սրբագործուած իւղն ու բալասանը, որու սրբարար զօրութեամբ մկրտութիւն ստացած մեր զաւակունք կը դրոշմուին:
Իր Հայրական պատգամին մէջ, Վեհափառը մեր նախնեաց հաւատքին ներշնչումը փոխանցեց հետեւեալ բառերով. «Մեր իղձն ու մաղթանքն է, որ հայ ժողովուրդին մէջ ոչ մէկը չմնայ ճակատը առանց սուրբ միւռոնի»:
Սրբալոյս միւռոնը, սիրելի բարեպաշտ հայորդիք եւ զաւակունք Հայաստանեայց Առաքելական մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հոգու շնորհներու բաշխումը կը խորհրդանշէ: Սրբալոյս միւռոնով դրոշմուած հայ մանուկը եւ մեր եկեղեցու անդամագրուած իւրաքանչիւր անձ կը դառնայ որդեգիր զաւակն Աստուծոյ: Սուրբ միւռոնը իր մէջ կը կրէ աստուածային զօրութիւն, լոյսը՝ հաւատքի գիտակցութեան, կոչումը՝ քրիստոնէավայել կեանքով ապրելու:
Սրբալոյս միւռոնը՝ Քրիստոսով եւ ապա առաքեալներու ձեռամբ ու մեր նախնեաց աղօթքով մեզի է աւանդուած: Ամէն եօթ տարին անգամ մը երբ նոր միւռոնը կ՛օրհնուի, ապա անոր մէջ կը խառնուի հին միւռոնից մի մաս, որով եւ կը վերապրինք առաջին ու հնագոյն միւռոնի օրհնութիւնը շնորհաբաշխ: Մեր մանկութեան տարիներից այսօրուան պէս կը յիշենք նուիրական այն պահը, երբ լոյս աշխարհ եկաւ մեր չորրորդ եղբայրը. զարմանքով ականատես եղանք այն աւանդութեան, որ հոգելոյս մեր հայրը չհամբուրեց զինք մինչեւ մկրտութեան օրը, երբ ան սրբալոյս միւռոնով դրոշմն ստացաւ: Այս խստապահանջ մօտեցումը բնականաբար կը բացայայտէր սուրբ միւռոնին խոր իմաստը մեր ընտանեկան եւ առհասարակ իւրալանչիւր հայ ընտանիքի մէջ:
Սուրբ միւռոնին հաւատացող ժողովուրդ ենք մենք: Եւ եթէ մարդկային մեր տկար էութեամբ աղօտած է նաեւ հաւատքը սուրբ միւռոնին հանդէպ, ապա նոր միւռոնը բոլորիս համար կը դառնայ աստուածային կանչ, որպէսզի վերարմատաւորենք մեր մէջ քրիստոնէական հաւատքը, որպէս հոգեւոր վահան ընդդէմ օտար խորհուրդներու եւ կեանքն ապրինք սրբութեան գիտակցութեամբ: Այս նոյն հաւատքը ապրինք նաեւ մենք մեր սուրբ եկեղեցւոյ զաւակաց հետ հաւասարապէս:
Երբ նոր միւռոնը հին միւռոնի հեղումով նուիրագործուեց եւ եւ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքով եւ Անոր կողին խցուած սուրբ Գեղարդով ու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աջով սրբագործուեց, ազգն հայոց պայծառակերպուեցաւ: էական չէ, եթէ երբեք ֆիզիքապէս այնտեղ չէինք, քանզի հոգու աչքերով վկայեցինք կատարուածը եւ ապրեցանք հաւատքի կեանքի վերածնունդը մեր ողջ էութեան մէջ:
Մեր Եկեղեցու Հայրերը մեծարել են սուրբ միւռոնի խորհուրդը, իսկ իրենց աղօթքներով կոչ են առել մեզ, որպէսզի Աստուածատուր կեանքը լուսաւորենք սուրբ միւռոնով:
Այստեղ անգամ մը եւս կ՛ուզենք Վազգէն Ա. Վեհափառի մի այլ խորդածութիւն մէջբերել: 1976 թուականի սուրբ միւռոնի օրհնութեան առիթով արտասանած իր քարոզը կարծէք պատգամ մըն է ուղղուած այս օրերին համար. «Մեր ժողովուրդը հաւատում է, եւ մեր պատմութիւնն էլ վկայում է, որ սրբալոյս միւռոնը ունի իր մէջ նաեւ եղբայրական զօրութիւն, այսինքն՝ թէ բոլոր նրանք ովքեր ընդունում են իրենց ճակատի վրայ դրոշմը այս միւռոնի, դառնում են նոյն եկեղեցու, նոյն ազգի անբաժանելի զաւակները, եւ դառնում այդպէսով հարազատ եղբայրներ: Համայն հայ ժողովուրդը սուրբ միւռոնով կազմում է անքակտելի մի եղբայրութիւն՝ հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային իմաստով: Այս մանաւանդ թելադրանքն է եւ պատգամը մեր բազմադարեան պատմութեան»:
Շարունակելով իր պատգամը Հոգելոյս Հայրապետը կ՛ըսէ․-«Մեր ժողովուրդը հաւատում է նաեւ, վերջապէս, սրբալոյս միւռոնի խաղարար զօրութեանը: Սուրբ միւռոնի միջոցով Սուրբ Հոգւոյ շնորհների բաշխումով հայ հաւատացեալի հոգիները խաղաղւում են, աճում է սէրը եւ եղբայրական ոգին նոյն ժողովուրդի զաւակների միջեւ եւ առհասարակ, մարդկանց միջեւ»:
Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,
Թող սրբալոյս միւռոնը դառնայ հրաւէր բոլորիս համար մեր նախնեաց ապրած քրիստոնէական հաւատքի վերանորոգութեան: Թող այն հրաւէր դառնայ բոլորին, մանաւանդ չմկրտուածներուն, որպէսզի սուրբ միւռոնի ներգործութեամբ ոչ միայն կերպարանափոխուի հաւատացեալի կեանքը, այլեւ մանաւանդ հզօրանայ Եկեղեցու առաքելութիւնը, որ լուսոյ ճանապարհ է ներկայ ու ապագայ բոլոր սերնդներին համար: Խորապէս հաւատում ենք, որ Սուրբ միւռոնը երաշխաւորում է եւ առաւել խորացնում այն անտեսանելի ու անքակտելի կապը մեր ու Արարիչի միջեւ, քանզի, Սուրբ միւռոնի մէջ կայ պատկերն Աստուծոյ, Սուրբ Խաչին վրայ պատարագեալ Քրիստոսի յաւերժական ներկայութիւն եւ Սուրբ Հոգւոյ շնորհներն ու ներշնչումի խոր գիտակցութիւնը:
Քիչ յետոյ, երբ Սուրբ Հաղորդութեան մօտենանք, ապա իւրաքանչիւրս բաժին ունենանք նոր միւռոնով օրհնուած ջուրէն, որպէսզի անով իսկ մաքրուինք, վերանորոգուինք, լուսաւորենք մեր տները եւ դառնանք նոր մարդ, կոչումով քրիստոնեայ. Ամէն:
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ՝
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի
Հոկտեմբեր 7, 2024