ՀՀ սփիւռքի նախարարն ընդունեց Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի «Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն» ամէնօրեայ վարժարանի խնամակալութեան նախագահ Հրաչ Պօղոսեանը եւ փոխնախագահ Հարմիկ Յակոբեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց աւստրալահայ գործիչներու` հայապահպանութեան ուղղուած գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ դպրոցը բացառիկ առաքելութիւն ունեցող ազգապահպանութեան օճախ է Սիտնիի մէջ, որ կրնայ մրցիլ որեւէ աւստրալական հանրային կրթօճախի հետ, եւ, որ ամենակարեւորն է` այնտեղ կ’իշխէ հայկական ոգին, իսկ վարժարանի խնամակալութեան երիտասարդ նախագահ Հրաչ Պօղոսեան, որուն երեք որդիները կը յաճախեն հայկական վարժարան, կրնայ օրինակ ծառայել բոլոր հայկական երիտասարդ ընտանիքներուն համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ աջակցութեան համար` Հրաչ Պօղոսեան ներկայացուց վարժարանի խնդիրներն ու ձեռքբերումները, կարեւոր համարեց Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Աւստրալիոյ հայկական դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստումը, իրականացուող մշակութային ձեռնարկները եւ նշեց, որ վերջին 2 տարիներուն բաւական մեծ ֆինանսական ներդրումներ կատարուած են, որպէսզի Գոլստըն վարժարանին մէջ սորվիլը հայ երեխաներուն համար ըլլայ գրաւիչ ու հետաքրքիր, կրթօճախը դառնայ առաւել մրցունակ: Ան կարեւոր համարեց, որ Աշակերտներուն թիւը երթալով կ’աւելնայ, կեանքի կը կոչուին նոր կրթական ծրագիրներ: Հետաքրքրական է, որ վարժարանի լաւագոյն աշակերտը, որ բացառիկ արդիւնք արձանագրած է` Աւստրալիա հաստատուած սուրահայ է:
Հարմիկ Յակոբեան նշեց, որ «Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն» ամէնօրեայ վարժարանը Հիմնուած է 1986թ. Սիտնիի մէջ` ազգային բարերարներ Սոֆի եւ Արշակ Գոլստըններու (Գալստեաններ) նուիրատուութեամբ, Համազգային մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ: Ուսումը կ’իրականացուի պետական կրթական ծրագիրով: Վարժարանէն ներս կը դասաւանդեն հայոց լեզու, պատմութիւն, կրօն: Ունի մանկապարտէզ, նախակրթարան, երկրորդական բաժիններ: 2017թ վարժարանին մէջ կրթութիւն կը ստանայ շուրջ 330 աշակերտ: Շրջանաւարտներէն շատերն ուսումը կը շարունակեն տեղի համալսարաններուն մէջ:
Քննարկուեցան Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն դպրոցի սաներուն եւ ուղուցիչներուն մասնակցութեան հետ կապուած հարցեր: