image

Երեւանի մէջ. Տեղի ունեցաւ Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու հաւատքով» հատորի շնորհանդէսը (Լուսանկարներ)

Երեւանի մէջ. Տեղի ունեցաւ Վիգէն Յովսէփեանի  «Աստղերու հաւատքով» հատորի շնորհանդէսը (Լուսանկարներ)

Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկաբնակ գործիչմտաւորականգրող Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքի շնորհանդէսը:

«Աստղերու հաւատքով» խորագրով գիրքի ամերիկեան ներկայացումը կայացած էր շաբաթներ առաջ՝ Pasadena Antique Warehouse-ի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ մտաւորականներուհասակարական-քաղաքականմշակութային եւ այլ ասպարէզներու ներկայացուցիչներու:

Հայաստանեան շնորհանդէսը նոյնպէս բազմամարդ էրընթերցողները մէկ յարկի տակ համախմբած էր արեւմտահայ բանաստեղծութիւնըորու դարաւոր ու աւանդական շունչն այսօր գրասէրը կը ջանայ փնտռել ժամանակակից ստեղծագործողներու գրութիւններու մէջՎիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւնը այդ աւանդոյթները շարունակողն էմիաժամանկ նոր շունչ ու խօսք է՝ ժամանակակից հայ գրականութեան մէջ:

Այդ կարծիքը յայտնեցին նաեւ գրողի կեանքի եւ ստեղծագործութիւններու մասին ելոյթ ունեցող բանախօսներըԼրագրողմեկնաբան Սագօ Արեանըանդրադառնալով մերձաւոր-արեւելեան միջավայրէն սնած յովսէփեանական բանաստեղծութեաննշեցոր անոր ստեղծած գրականութիւնը չի դաւաճաներ անցեալի պատկերներունոր մշտամնայ են գիրքի էջերուն մէջ:

Վիգէն Յովսէփեանի գիրքի եւ ստեղծագործական ուղիի մասին խօսք ըսաւ նաեւ Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական բաժնի ղեկավար, Քոլումպիայի համալսարանի դասախօս Խաչիկ Մուրատեանը՝ հաստատելովոր աշխարհը անդառնալի կերպով փոխուած էնոր աշխարհ ի յայտ կու գայեւ որ Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւնը մեր առջեւ կը բանայ այդ նոր աշխարհի դռները: 

«Սիվիլնեթ» կայքի խմբագիր Աբօ Պողիկեանը նոյնպէս անդրադարձաւ ամերիկաբնակ ստեղծագործողի գիրքինխօսեցաւ նաեւ Վիգէն Յովսէփեանի մարդկային արժանիքներու մասիննշելովոր ատոնք անբաժան են անոր գրականութենէն:

Շնորհանդէսի ընթացքին հնչեցին հեղինակի կատարմամբ բանաստեղծութիւններու ձայնագրութիւններէնիսկ հալէպահայ ասմունքող Մարալ Գասպարեանը գիրքէն ընթերցեց ընտրեալ գործեր:

Տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխաններկաները հարցեր ուղղեցին Վիգէն Յովսէփեանին: Անոնց կը հետաքրքրէին քաղաքական գործիչի եւ բանաստեղծի կերպարներու համադրումըքնարերգական քերթողութիւն ստեղծելու շարժառիթներըգաղթիհայրենիքի եւ կորուստներու թեման անոր գրականութեան մէջ եւ շատ այլ հարցերորոնց Վիգէն Յովսէփեանը ջանաց տալ անկեղծ պատասխաններ:

Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ հեղինակի կողմէ գիրքի ընծայագրում:

Շնորհանդէսը կը վարէր լրագրող Վրոյր Թադեւոսեանըոր նոյնպէս հարցեր ուղղեց Վիգէն Յովսէփեանին՝ անոր ստեղծագործական մղումներու եւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասինՎիգէն Յովսէփեանը նշեցոր գիրքն իր առաջինն էբայց ոչ՝ վերջինը: