image

Սպահանի դէպք. Իրան սլաքներ արձակեց Իսրայէլի դէմ

Սպահանի դէպք. Իրան սլաքներ արձակեց Իսրայէլի դէմ

Իսրայէլ առնչութիւն ունի Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Սպահան քաղաքի մէջ գտնուող կառոյցի վրայ յարձակման հետ։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի մէջ Իսլամական Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սաիտ Իրաւանին, յայտնած է ISNA գործակալութիւնը։

«Նախնական հետաքննութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ սիոնիստական ռեժիմը պատասխանատու է Սպահան քաղաքի մէջ Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքի վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակման համար», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Կը յստակեցուի, որ Իրանը իրեն իրաւունք կը վերապահէ պաշտպանելու ազգային անվտանգութիւնը եւ վճռականօրէն պատասխանել Իսրայէլի ցանկացած սպառնալիքին։

Սիոնիստական ռեժիմի գործողութիւնները կը խախտեն միջազգային իրաւունքը, Իրանը կը դատապարտէ ատոնք, ըսած է մշտական ներկայացուցիչը։

Իրաւանիի նամակը ուղարկուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին եւ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին։

Միաժամանակ, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն CNN-ին տուած հարցազրոյցին խուսափած է պատասխանել Իրանի վրայ յարձակման հրէական պետութեան մասնակցութեան մասին հարցին։

Մինչդեռ իրանեան Tasnim գործակալութիւնը գրած է, որ Իրաքի Քիւրտիստանի մէջ տեղակայուած քրտական անջատողական խմբաւորումները, ըստ ամենայնի, կանգնած են Իրանի  Սպահան քաղաքին մէջ ռազմական կառոյցի վրայ անօդաչու թռչող սարքերու եւ պայթուցիկ նիւթերու օգտագործմամբ վերջին յարձակման ետին: