«Սնունդը մեր ժողովուրդին սիրոյ լեզուն է» Միշիկընի մէջ բացուած «Պասմաճեան փուռ»ը մեծ յաջողութեան հասած է

 «Սնունդը մեր ժողովուրդին սիրոյ լեզուն է» Միշիկընի մէջ  բացուած «Պասմաճեան փուռ»ը մեծ յաջողութեան հասած է

«Հայկական եւ լիբանանեան սնունդի կապին մասին Յարութ կը  նշէ. «Լիբանանեան խոհանոցին մեծ մասը հայկական է, քանի որ մեր ժողովուրդը մեծ ազդեցութիւն  ունեցած է այնտեղի խոհանոցին վրայ, հակառակն ալ նոյնպէս։ Մինչ օրս Լիբանանը յայտնի է տարածաշրջանի լաւագոյն ճաշերով: Սնունդը, որ Լիբանանէն  կու գայ, բառացիօրէն  պատրաստուած է սիրով։ Սէրն է, որ  անոր  կու տայ այդ համը: Եւ այսպէս մենք ցոյց կու տանք մեր ժառանգութիւնը՝ թէ ուրկէ եկած են: Մեր ժողովուրդը արուեստագէտ ժողովուրդ  է։ Մենք այդ արուեստը կը ցուցադրենք գրաւոր խօսքի, պատկերներու, երաժշտութեան եւ սնունդի միջոցաւ»,- կ՚ըսէ ան։

 

«Պասմաճեան փուռ»ը Միշիկընի մէջ կը մատուցէ Արեւմտեան Հայաստանի տնական ճաշեր

«Մայրս կ՚եփէր, քոյրս կ՚եփէր , ես կ՚եփեմ»,- կ՚ըսէ ան: «Մենք կրնանք օրը 24 ժամ խոհանոցը անցընել, եւ ոչ չենք ըսեր։ Ահա թէ որքան  կը սիրենք ճաշ պատրաստելը»:

Քէրոլայնը, իր ամուսինին՝ Պերճին եւ որդիին՝ Յարութին հետ, «Պասմաճեան փուռ»ի սեփականատէրերն են։ Յարութը զայն նկարագրելով կ՚ըսէ «միակն է» Սաութֆիլտի մէջ:

Եթէ ուտելիքի գործով զբաղիլը կամ սեփական ճաշարան ունենալը Քէրոլայնի երազանքն էր, ապա Յարութը՝ մօր երազանքը իրականութիւն դարձնող ձեռնարկատէր «ուղեղ»ն է:

«Իմ նախորդ աշխատանքս վաճառքի ոլորտի մէջ էր։ Բայց վերջին աշխատանքս եղած է Գանատական հեռահաղորդակցութեան մեծ ընկերութեան մը մէջ, որպէս PR-ի եւ հեղինակութեան կառավարման պատասխանատու: Ես կ՚ուզէի ձեռներէց ըլլալ, բայց Գանատան չի խրախուսեր ձեռներէցութիւնը: Այսպիսով, ծախեցի ունեցուածքս եւ տեղափոխուեցայ այստեղ։ Մայրս արդէն հոս պիտի տեղափոխուէր, հետեւաբար որոշեցինք բոլորս տեղափոխուիլ», - ըսաւ ան:

Չնայած, որ Քէրոլայնը Տիթրոյթ տեղափոխուեցաւ 2015-ին, իսկ Յարութը՝ 2017-ին, սակայն անոնց արմատները այդ շրջանին մէջ շատ աւելի հին են:

Քէրոլայնը ծնած է Պէյրութ՝ Լիբանան, հայ կաթողիկէ Քեսապցի հօրմէ եւ լիբանանահայ մօրմէ, որ արմատներով Էվէրէկցի էր (Կեսարիայէն դուրս գտնուող փոքր քաղաք մը):

Անոր մայրը՝ Սօսի Գայայեան Պասմաճեանը, ընտանեկան աշխատանքին ոգին եւ ոգեշնչումը եղած էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսելէն ետք, ընտանիքը տեղափոխուած է Տիթրոյթ, հաստատուելով Սաութֆիլտի մէջ 1976 թուականին: Սօսին աշխատանք գտած է Միշիկընի Մանուկեան հայ ծերերու տան մէջ, որպէս խոհարար:

«Մայրս Մանուկեան հայ ծերերու տան մէջ հիանալի խոհարար էր: Ան կը պատրաստէր լահմաճուն, տոլմա, սարմա, քէօֆթա։ Կարգ մը բաղադրատոմսեր, զորս մենք  այսօր կ՚օգտագործենք, իրմէ են, ներառեալ լահմաճունը», - կ՚ըսէ Քէրոլայնը:

Սօսի Գայայեան Պասմաճեանը մահացած է 9 տարի առաջ։Քէրոլայնը աւարտել է ետք Սաութֆիլտի միջնակարգ դպրոցը, ամուսնացած է Պերճին հետ, որ Մոնրէալահայ է, եւ որ նոյնպէս ծնած է Պէյրութ, Խարբերդցի ընտանիքէ: Տեղափոխուելով Մոնրէալ, Քէրոլայնըն ու ամուսինը կազմած են ընտանիք: Հոն ծնած ու մեծցած է անոնց որդին Յարութը՝ աւարտելով «Սուրբ Յակոբ վարժարան»ը։

Չնայած, որ Յարութ Գանատա ծնած է, բայց միշտ յատուկ կապ մը զգացած է Տիթրոյթի հետ։

«Ճիշդ է, որ մայրս արմատներ ունի այստեղ, սակայն ինծի համար հոս ամբողջովին նոր է։ Հոս հիանալի ընկերներու հանդիպեցայ, եւ ես ինծի տանս մէջ կը զգամ, շատ աւելի, քան Մոնրէալի մէջ»:

Քէրոլայնը կը պատմէ, որ երբ երեխաները սկսան մեծնալ, ամէն ամառ Տիթրոյթ կու գային, քանի որ ընտանիքը չէր կրնար դայակներ ապահովել, իսկ Մոնրէալի մէջ անոր կեսուրը տարէց էր եւ չէր կրնար խնամել երկու երեխաները: «Ուրեմն ամէն ամառ մենք երկու ամիսով կու գայինք այստեղ»։

«Ես միշտ սիրած եմ Տիթրոյթը, մեծ մայրս ու մեծ հայրս այստեղ կ՚ապրէին, եւ երբ երեխայ էինք, մենք անընդհատ այստեղ կու գայինք: Երբ չափահաս դարձայ ինքնաշարժ վարելը այստեղ սորվեցայ»,- ըսաւ Յարութը։ «Մենք արմատներ ունինք այստեղ, այդ հիանալի է, եւ մենք  ամէն ինչ ՚ընենք այստեղի համայնքէն մաս մը դառնալու»:

Վերադարձ դէպի Միշիկըն

Մօտ 35 տարի Գանատա ապրելէ ետք, Քէրոլայնը յոգնած է այդտեղի կեանքէն։ «Մենք միշտ կ՚աշխատէինք այլ մարդոց համար։ Ես կ՚աշխատէի հաւատարմագրային ընկերութեան մէջ, իսկ ամուսինս կ՚աշխատէր ադիւնաբերական ընկերութեան մը մէջ: Մենք լիարժէ յաջողութիւն չէինք գտներ, եւ ժամանակն էր ամէն բան առնել եւ  հեռանալ», - կ՚ըսէ ան:

ԱՄՆ-ի մէջ «պիզնէս»ի համար աւելի բարենպաստ պայմանները եւ Մոնրեալի հայկական սնունդի արտադրութեան մեծ մրցակցութիւնը իրենց դերը խաղացին։

«Ես միշտ զբաղած էի աշխատանքով: Մոնրէալի մէջ անուշեղէն ու խմորեղէն կը պատրաստէի: Իսկ քոյրս այստեղ՝ Միշիկընի մէջ, «քէյթրինկ» կ՚ընէր»,- կը պատմէ Քէրոլայնը: «Յամենայնդէպս, Գանատայի մէջ սեփական ընկերութիւն ունենալը չափազանց մրցակցային է։ Մոնրէալի մէջ այս աշխատանքով զբաղող շատ հայեր եւ լիբանանցիներ կան»:

 

Թէեւ Միշիկընի հարաւ-արեւելքը կան բազմաթիւ Միջին Արեւելեան եւ Միջերկրականեան ճաշարաններ, որոնց սեփականատէրերը ընդհանրապէս լիբանանցիներ են, եմէնցիներ կամ  ասորինըր ։ Մեծ է նաեւ յունական ներկայութիւնը, ինչպէս Միջերկրականեան, այնպէս ալ Ամերիկեան ոճի ճաշարաններու, սակայն սնունդի սպասարկման գործով զբաղողներուն թիւը քիչ է: Քէրոլայնը կ՚ըսէ, որ եթէ նոյնիսկ քաղաքը լեցուն ըլլայ խորովածի ճաշարաններով, ան կրնայ յաջողութեան հասնիլ, եթէ առաջարկէ հայկական յատուկ ուտելիքներ, ինչպէս՝ լահմաճունը, որ այժմ դարձած է Պասմաճեան փուռին գլխաւոր արտադրանքը: «Ամուսինս միշտ փափաքած է լահմաճուն պատրաստել ու վաճառել»:

 

Այնուամենայնիւ, այդտեղ հասնիլը ճանապարհորդութիւն էր: Իր քրոջ՝ Փօլինին հետ հինգ տարի սնունդի սպասարկման ոլորտի մէջ աշխատեցաւ։ Երբ տղան՝ Յարութը փոխադրուեցաւ Միշիկըն, ընտանիքը գնեց ճաշարան մը եւ սնունդի «պիզնէս» մը ՝ «Ֆիլո Ֆրէշ» անունով, ասորի   անէ մը, Յունուար 2020-ին: Անոնք չէին գիտեր, սակայն, որ Քովիտը պիտի հարուածէ ԱՄՆ-ն ընդամէնը երկու ամիս ետք:

 

«Ֆիլո Ֆրէշ»ը սնունդի «պիզնէս» էր եւ Միջերկրականեան խոհանոցի ճաշարան, բայց «մենք պատրաստեցինք մեր սեփական տարբերակը, որ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ լիբանանեան ոճով է՝ քեպապի տեսակներ, աղցաններ, ֆաթթուշ, թապպուլէ, հոմմոս, պապաղաննուժ…»:

 

Երբ Քովիտը հարուածեց, անոնք բախտաւոր էին այն բանով, որ  անոնց թոյլատրուեցաւ մասնակի աշխատիլ որպէս սնունդի ապսպրանքներ մատակարարող: Բայց գործ չկար։ «Եղան օրեր, երբ բառացիօրէն նստած էինք եւ ոչինչ կ՚ընէինք: Յարութը ըսաւ, որ փորձենք լահմաճուն պատրաստել, ես ըսի, որ նախապէս լահմաճուն չեմ ըրած։ Ան ըսաւ, որ մեծ մամային բաղադրատոմսով պատրաստենք, յետոյ կը տեսնենք, թէ ինչ կը  ստացուի»։

 Յարութին ծրագիրը յաջողեցաւ։ Բարակ եւ փշրուող խմորով լահմաճունի փափաքը մեծ էր տեղի հայութեան մօտ։ Լահմաճունի այս տեսակը պատմականօրէն առնչուած է Այնթապի եւ Ուրֆայի հետ։ Հին Տիթրոյտցիները վարժ էին Կէրի Ռէիսեանի եզակի, աւելի մսոտ, Սեբաստիոյ ոճով լահմաճունին, սակայն Լիբանանէն եւ Սուրիայէն գաղթողները, կը նախընտրէին Պասմաճեան փուռի տարբերակը։

 Լահմաճունի ապսպրանքը այնքան շատ էր, որ ան դարձաւ պասմաճեաններուն աշխատանքի առանցքը: Այլեւս ձեռնտու չէր աղցաններ կամ սէնտուիչներ պատրաստելով զբաղիլը հազարաւոր լահմաճուններ վաճառելու դիմաց: Անոնք այնքան պատուէրներ կը ստանային, որ իրենց ունեցած փոքրիկ փուռը այլեւս չէր բաւարարեր. բիցցայի փուռ պէտք էր: «Մենք մեծ գումարներ ներդրեցինք, որպէսզի ճաշարանի վերածենք զայն», - ըսաւ Յարութը, բայց ի վերջոյ, Նոյեմբեր 2021-ին անոնք ստիպուած եղան  վաճառատունը ծախելու։

Երբ Ռէիսեանը թոշակի անցաւ,  անոր Uptown Catering-ը, որ երկար տարիներու համայնքային հաստատութիւն էր, փակեց իր դռները, դաշտը լայն բանալով Քէրոլայն- Յարութ ամոլին  համար, որոնք  ազատ դաշտ գտան Պասմաճեան փուռը հիմնելու: Անոնց միայն վայր մըն պէտք էր:

«Մէկը մեզի տեղեկացուց այս վայրին մասին, ուր մթերային խանութ կար, իսկ ետեւի մասը կար փուռ մը, որ ոչ ոք կ՚օգտագործէր», - ըսաւ Քէրոլայնը: Փոքր մթերային խանութի արաբ տէրը անոր ըսաւ, որ կրնան համաձայնութեան գալ: «Ի յայտ եկաւ, որ մայրս այստեղ կու գար, գնումներ կ՚ընէր, եւ ես չէի գիտեր: Այդ մեզի համար դրական նշան մըն էր համաձայնութիւնը կնքելու։ 

«Պատճառը որ մենք զայն Պասմաճեան փուռ կ՚անուանենք, այն է, որ մօրս լահմաճունի բաղադրատոմսն է», - ըսաւ Քէրոլայնը: «Իսկ մեծ մօրս նկարը տեղադրեցինք «լոկո»ին վրայ, որպէս յարգանքի տուրք»,- ըսաւ Յարութը։

 

 

 

Մեծ երազանքներ

Յարութը միշտ կը փափաքէր ձեռներէց ըլլալ։ Փուռը հիմնելով, իր եւ իր մօր երազանքները համընկնեցան։ «Այստեղ միջավայրը թոյլ կու տայ, կը քաջալերէ: Մենք գոհ ենք, որ համայնքը ողջունեց եւ խրախուսեց մեզ եւ մեր արտադրութիւնը: Այս ոլորտը մեծ տեղ կը զբաղեցնէ այս վայրին մէջ: Ան ծառայութիւն  մըն է, որ անհրաժեշտ է: Բոլոր յաճախորդները կ՚ըսեն, թէ կը փափաքէին  քաղաքին մէջ հայկական ճաշարան ունենալ»։

Ներկայիս Քէրոլայնը, Պերճը եւ Յարութը փուռը կը ղեկավարեն, կէս դրոյքով աշխատող երկու պաշտօնեաներով: Քէրոլայնին  քոյրը՝ Փօլինը, ունի անուշեղէնի իր սեփական գործը՝ տան մէջ կը պատրաստէ «փախլաւա» եւ «ղուրապիա»,  եւ երբեմն ալ  կ՚օգնէ փուռի աշխատանքներուն:

Պասմաճեան փուռը կը ծախէ լահմաճուն, ծոթրինով հաց, պանիրով հաց եւ  «մանաիշ»ի այլ տեսակներ՝ պանիրով երշիկ, եւ այլն։: «Մոնթրէալի մէջ կային մի քանի տեղեր, որոնք այս գործով մասնագիտացած էին», - կ՚ըսէ Յարութը: Պասմաճեան փուռը նաեւ կը պատրաստէ՝ պանիրով , սպանախով եւ միսով պէօրէկներ, ինչպէս նաեւ մանթի եւ  «քէօֆթա» եւ «եալանչի սարմա»։  Զատկին ընդառաջ, անոնք ճաշացուցակին աւելցուցին «չէօրէկ»ը։ Անոնք կը շարունակեն նաեւ սպասարկել խորովածի եւ աղցանի տեսակներ։ Վերջերս, Հայ Համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ ղեկավարութեան, Սէնաթոր  Կէրի Փիթըրզի հետ հանդիպման ճաշը անոնք սպասարկեցին:

Յաճախորդները միշտ կը յայտնեն իրենց փափաքը, որ Յարութը եւ Քէրոլայնը ունենան մեծ՝ ամբողջական ճաշարան մը։ «Մենք կ՚ուզենք մեր անձնական տարածքը ունենալ։ Կը փնռենք, սակայն տակաւին տեղ մը չենք գտած։ Դրամական հարցն ալ կայ»,- ըսաւ Յարութը։

«Մենք մեծ երազանքներ ունինք», - աւելցուց Քէրոլայնը: «Դանդաղ, բայց հաստատ»։

«Շատ բան կրնանք ընել, բայց մեզի ժամանակ եւ տեղ պէտք է»,- բացատրեց Յարութը: «Այսօր, սնունդի սպասարկման ոլորտին մէջ օգնութիւն գտնելը ամենադժուար խնդիրներէն մէկն է: Քովիտը մեծ փոփոխութիւն  յառաջացուց։  Նախապէս, ճաշարանին սեղանները եթէ լեցուէին յաճախորդով, կը նշանակէր, որ շատ աւելի գործ ունիս: Հիմա մարդիկ չեն ուզեր նստել. դէպի դուրս ապսպրանքները կը շատնան։ Հետեւաբար, մեծ տարածքի պէտք չունինք: Մենք օգնող ձեռքերու պէտք ունինք, աշխատանքը կատարելու համար»,- եզրափակեց ան։

Չնայած զանազան դժուարութիւններու, ճաշարանին հանդէպ Յարութին մօր նուիրուածութիւնը եւ երազանքին հասնելու փափաքը յաջողութեան հասցուցին այս գործը։ Յարութը նոյնպէս մեծ սէր ունի այս գործին նկատմամբ։ «Ուտելը բան մըն է, որ մենք ամէն օր կ՚ընենք։ Սնունդը մեր ժողովուրդին սիրոյ լեզուն է»,-  կ՚ըսէ Յարութ։

Հայկական եւ լիբանանեան սնունդի կապին մասին Յարութ կը  նշէ. «Լիբանանեան խոհանոցին մեծ մասը հայկական է, քանի որ մեր ժողովուրդը մեծ ազդեցութիւն  ունեցած է այնտեղի խոհանոցին վրայ, հակառակն ալ նոյնպէս։ Մինչ օրս Լիբանանը յայտնի է տարածաշրջանի լաւագոյն ճաշերով: Սնունդը, որ Լիբանանէն  կու գայ, բառացիօրէն  պատրաստուած է սիրով։ Սէրն է, որ  անոր  կու տայ այդ համը: Եւ այսպէս մենք ցոյց կու տանք մեր ժառանգութիւնը՝ թէ ուրկէ եկած են: Մեր ժողովուրդը արուեստագէտ ժողովուրդ  է։ Մենք այդ արուեստը կը ցուցադրենք գրաւոր խօսքի, պատկերներու, երաժշտութեան եւ սնունդի միջոցաւ»,- կ՚ըսէ ան։

 Ի դէպ «Պասմաճեան փուռ»ը կը գտնուի Սաութֆիլտի Ալթաս շուկային ետեւը՝ 29225 Կրինֆիլտ Ռոտ հասցէով: Դուք կրնաք ստուգել անոնց ֆէյսպուքեան էջը կամ կայքը: 

 

 Նիւթի  հեղինակ՝  Հէրի Քզըլեան

 The Armenian mirror spectator 

«Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Ն. Տաղլեան