image

Շուէտէն եւ Ֆինլանտայէն դժգոհութիւն. Չաւուշօղլուէն սլաք

Շուէտէն եւ Ֆինլանտայէն դժգոհութիւն. Չաւուշօղլուէն սլաք

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան իրենց դիմումի ընդունումը արտօնող համաձայնութեան ծիրին մէջ իրենց բոլոր յանձնառութիւնները չկատարեցին եւ պէտք է շօշափելի քայլեր որդեգրեն:

Չաւուշօղլու Պոլսոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Ենս Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ Թուրքիան նշմարած է, որ Ուլֆ Քրիսթերսոնի ղեկավարութեամբ Շուէտի նոր կառավարութիւնը իր յանձնառութիւններու կատարման հարցին մէջ վճռական գործելաոճ ունի:

Յիշեցնենք, որ Սթոքհոլմն ու Հելսինքին յունիսին Անգարայի հետ ստորագրած էին փոխադարձ հասկացողութեան համաձայնութիւն, որմէ ետք Թուրքիան հրաժարած էր անոնց ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան դիմումը վեթոյի ենթարկելէ:

Թուրքիան պահանջած էր, որ այդ երկիրները քիւրտ զինեալներու ապաստան չտրամադրեն:

 

Լուրը՝ Ազդակէն