image

«Շարժումը վերաձեւակերպում ենք». Բագրատ սրբազան

«Շարժումը վերաձեւակերպում ենք». Բագրատ սրբազան

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը պիտի վերաձեւակերպէ իր ձեւաչափը, եւ անկէ ետք այն պիտի ըլլայ աւելի մաշտապային։ Շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանն այս յայտարարութիւնն ըրած է «Սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացները, Արցախի հիմնախնդիրը» թեմայով քննարկման ժամանակ։

Նշենք, որ քննարկման մէկ յարկի տակ հաւաքուած են Ռուսիոյ 50 համայնքի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ`քննարկելու երկրի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակը եւ ատկէ դուրս գալու ուղիներ գտնելու հարցը։

«Յունիսի 12-ին տեղի ունեցած գործողութիւնների ամբողջ պատասխանատւութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր մնացած մի քանի հոգու վրայ է։ Իշխանութիւնները ամէն ինչի պատրաստ են իրենց պաշտօնները պահելու համար, իսկ իրաւապահները զբաղուած են նրանց գործողութիւններն արդարացնելով։ Հաշուի առնելով, թէ ով է պայքարում մեր դէմ, մենք որոշեցինք վերաձեւակերպել մեր շարժումը։ Սա իմ վերջին կոչն ու հրաւէրն է` միանալու ստի եւ իմիտացիայի դէմ մեր պայքարին»,–ըսած է սրբազանը։

Ան շեշտած է, որ իր տեսակը հարմարուող չէ, ու շարժումն անպայման պիտի հասնի իր նպատակակէտին, իր ծրագրի ամփոփման։