image
Հրատապ լուրեր:

Շարմ ալ Շէյխի գագաթնաժողովը «Թրամփի շոու»ն էր․ առաջնորդները նուաuտացուած էին. Լարիժանի

Շարմ ալ Շէյխի գագաթնաժողովը «Թրամփի շոու»ն էր․ առաջնորդները նուաuտացուած էին. Լարիժանի

Իրան բացարձակապէս ճիշդ էր՝ հրաժարելով մասնակցելէ Շարմ էլ Շէյխի գագաթնաժողովին։ Այդ գագաթնաժողովը Թրամփի շոու էր եւ նուաստացուցիչ ներկայացում։ Այս մասին ըսած է Իրանի Գերագոյն ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Լարիժանին։

«Հանդիպումը սկսաւ չորս ժամ ուշացումով, Թրամփ խօսեցաւ մինակ, առաջնորդները նուաստացուած էին, եւ երկխօսութեան կամ արդիւնքներու հնարաւորութիւն չկար», - նշած է ան։

Յիշեցնենք, որ 13 հոկտեմբերին Շարմ էլ Շէյխին մէջ տեղի ունեցած է Կազայի հատուածին մէջ հրադադար կնքելու նպատակով կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթնաժողով։