Լիբանան- Աշխարհահռչակ Շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուր, որ Շաբաթ երեկոյեան համերգ մը տուած էր Լիբանանի ծովեզերեայ «Պաթրուն» քաղաքին մէջ նախքան Պէյրութէն հեռանալը հարցազրոյց մը տուած է Լիբանանի կեդրոնական լրատուական գործակալութեան: Ազնաւուր ըսած է, որ իր համար Լիբանանցի ժողովուրդը բարձր արժէքներ կրող ժողովուրդ է եւ անոր հարստութիւնը իր բազմազանութեան մէջ է: Ազնաւուր նաեւ ըսած է, որ յատուկ նախասիրութիւն ունի լիբանանեան խոհանոցին հանդէպ եւ ըսած «Ինծի համար լիբանանեան թապուլէն անփոխարինելի է, ձեր թապուլէն համով է» նշած է Ազնաւուր: