image

Շանթ եւ Ալին Ղազարեաններու ընտանիքը ՝ «Ժամանակի վկան»

Շանթ եւ Ալին Ղազարեաններու ընտանիքը ՝ «Ժամանակի վկան»

«Արեւելք»ը Armradio կայքէն կը կարդայ Ղազարեան սփիւռքահայ ընտանիքի ու ընդհանրապէս հայ ընտանիքի դերի մասին հայ աւանդոյթները պահպանելու մէջ:

Աղբիւրը գրած է թէ հայ ընտանեկան աւանդոյթները հազարամեակներու պատմութիւն ունին։ Գրեթէ այնքան, որքան հայը գոյութիւն ունի մոլորակի վրայ։ Այդ աւանդոյթները սերունդէ-սերունդ փոխանցուած են ժամանակի ընթացքին որոշակի փոփոխութիւններ կրելով։

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայութիւնը այդ աւանդոյթները կրողը եղած է նաեւ հայկական սփիւռքին մէջ։

Հայկական ընտանիքը 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու առաջին քառորդին կենսունակ, նախնիներու աւանդոյթները շարունակող եւ հայկականը պահպանել ձգտող համակարգ է։

Ալին Ղազարեանի տիգրանակերտցի նախնիները

Աղբիւրը զրոյց ունեցած է իրենց ամառնային արձակուրդը Հայաստան անցընող գանատահայ ամուսիններ՝ Շանթ եւ Ալին Ղազարեաններուն հետ, ու անոնց բազմանդամ ընտանիքի օրինակով ներկայացուցած է հայկական դասական սփիւռքեան ընտանեկան կապերն ու միջավայրը, ձգտումներն ու մտահոգութիւնները։

Ալին Ղազարեանի տիգրանակերտցի տատիկն ու պապիկն ընտանիքով

Աղբիւրը ծանօթ ըլլալով այս ընտանիքին, հետեւած է անոնց ընտանեկան, երեխաներու դաստիարակութեան երեւացող դրսեւորումներուն ու նկատած է ծնողներու ջանքերը արտասահմանի մէջ իրենց 4 զաւակները հայեցի կրթելու եւ ընտանեկան միջավայրը հայկականութեամբ լեցնելու ուղղութեամբ։

Շանթ Ղազարեանը՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու հետ հարցազրոյց ընելու ժամանակ (Պէյրութ, 1985 թ․)

Ինչպէ՞ս կրցած են Ղազարեանները յաջողիլ:

«Կը պատահի նաեւ այսպէս, որ կարելի է միասին ուսանիլ նոյն դպրոցին մէջ, ապա այլ երկրի մէջ հանդիպիլ որպէս անծանօթներ եւ պարզել, որ այնքան ալ այդպէս չէ ու ամուսնանալ»,- յիշած է Շանթ Ղազարեանը։

Շանթ Ղազարեանի ընտանիքը (1975 թ․)

Տիգրանակերտցի նախնիներ ունենալ երկու կողմէն՝ այնքան ալ հեշտ բան չէ, քանի որ, երբ զոյգի յարաբերութիւնները սկսած են լրջանալ, Ալինի հայրը, որպէս յարգանքի նշան, այդ մասին տեղեկացուցած է գերդաստանի տարեցներուն։ Ի պատասխան՝ ստացած է հարցերու տեղատարափ՝ «Տիգրանակերտցի՞ է ընտրեալը, ինչո՞ւ տիգրանակերտցի տղայ մը չգտաւ․․․»։ Այս դրուագը Ալինը վերյիշած է ու պատմած զրոյցէն ետք: 

Ամուսինները քաջ կը գիտակցին հայապահպանութեան ուղղուած բոլոր մարտահրաւէրները: Ալինը ամուսնոյն շնորհիւ եւ երեխաներու դասերուն հետեւելով կատարելագործած է իր հայերէնը։ Ընտանիքէն ներս՝ ըլլայ Հայաստան, թէ Սփիւռք, տատիկներն ու պապիկները կարեւոր եւ հսկայական դեր ունին ընտանեկան աւանդոյթներու, յիշողութեան եւ կենսափորձի փոխանցման առումով։ Մեղրալուսինը Քարիպեան կղզիները չեն անցուցած, թէեւ հնարաւորութիւն ունեցած են, իսկ այժմ ալ երեխաները կը նախընտրեն արձակուրդը անցընել Հայաստան։

Ղազարեան ընտանիքը

Ամուսինները երջանիկ են, որ կարողացած են ստեղծել հայկական բոյն, ուր սերմանուածը, համոզուած են, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, իսկ որպէս վերջնական հանգրուան՝ կ'ուղղորդուի դէպի հայրենիք, ուր եւ իրենց բոլոր մտքերն ու իղձերն են։ 

Ամփոփելով հարցազրոյցը, աղբիւրը յիշեցուցած է, որ հայոց պատմութեան հոլովոյթին մէջ միշտ արժեւորուած է, աւելին՝ սրբացուած է հայ ընտանիքը: Ինչպէս Գէորգ Մարզպետունին ըսած էր․ «Ամուր ընտանիքն ամուր պետութեան հիմքն է»։

 «Ինչպէս ամրագրուած է ՀՀ Սահմանադրութեան 35-րդ յօդուածով, թէ՝ «Ընտանիքը հասարակութեան բնական եւ հիմնական բջիջն է», կը յուսանք, որ հայ ընտանիքները զարգանան բնականօրէն ու արտաքին որեւէ միջամտութիւն չխաթարէ այդ հիմնական բջիջի կենսունակութիւնն ու կայունութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ», եզրափակած է աղբիւրը: