Շաբաթ, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Փասատինայի «Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ Փասատինայի մեծ ընտանիքը տօնեց իր ծխական համայնքի հիմնադրութեան 40րդ եւ շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ստեղծման 20րդ տարեդարձները՝ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեաններուն, կազմակերպութեամբ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, Հոգաբարձութեան եւ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան:
Երկու տօներուն Կալա-ճաշկերոյթին ներկայ եղան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը՝ Յասմիկը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ տիկինը՝ Ծովիկը, որ անդամ է Ազգային վարչութեան, նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ Ճէք Հաճինեան, հարազատներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր՝ առաւել քան 400 անձեր:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքի արժանի յաջողութիւն մը համարեց ծխական համայնքը եւ եկեղեցւոյ ընտանիքը համախմբող յոբելենական ձեռնարկը եւ այս առիթով դրուատեց հովիւը եւ Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը, ձեռնարկին հովանաւոր զոյգն ու կազմակերպողները, եկեղեցւոյ եւ համայնքի կամաւոր ծառայողներն ու առատաձեռն նուիրատուները եւ իր հայրական թելադրանքները փոխանցեց ներկաներուն՝ ի նպաստ Փասատինայի համայնքային կեանքի առաւել կազմակերպման եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ հոգեւոր միասնականութեան ու ծրագիրներու յաջողութեան:
Հուսկ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր խօսքը եզրափակեց՝ օրհնութիւններ ու բարի մաղթանքներ բաշխելով Փասատինայի մեծ ընտանիքի ներկայ եւ բացակայ բոլոր անդամներուն: