image
Հրատապ լուրեր:

Սէուտական Արաբիան 168 թոն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Ուքրանիա

Սէուտական Արաբիան 168 թոն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Ուքրանիա

Սէուտական Արաբիան մարդասիրական օգնութեամբ երկու օդանաւ ուղարկած է Ուքրանիա։ Այս մասին յայտնած է սէուտական Saudi Press Agency-ն։

168 թոն բեռով օդանաւերը ժամանած են ուքրանական սահմանին մօտ Լեհաստանի օդակայան։

Մարդասիրական բեռին մէջ մտած են ապաստանելու համար նախատեսուած նիւթեր, ելեկտրածին շարժակներ, դեղեր, որոնք լեհական սահմանով պիտի փոխանցուին Ուքրանիոյ։

Սէուտական Արաբիան անցեալ շաբաթ ստորագրած էր 400 միլիոն ԱՄՆ տոլարի համաձայնագիր եւ փոխըմբռնման յուշագիր, որով կը նախատեսուէր մարդասիրական օգնութեան յաւելեալ փաթեթ ուղարկել Ուքրանիա։