image
Հրատապ լուրեր:

Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 նոյեմբերին պաշտօնական այցով մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: 

Այցի ծիրէն ներս նախագահը զրոյց պիտի ունենայ Ապու Տապի էմիրութեան թագաժառանգ, շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ ալ Նահեանի հետ: Նախատեսուած են նաեւ շարք մը այլ հանդիպումներ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Այցի շրջանակին նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ ԱՄԷ ներդրումային եւ զարգացման ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:

Հայ-էմիրաթական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու արդիւնքներով պիտի ստորագրուին երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ու փոխգործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր: