Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը շնորհաւորած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեանը դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ։ Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ ԱԳՆ կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ։
«Սերկէյ Լաւրովը ջերմօրէն շնորհաւորած է Գուրգէն Արսէնեանը դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարի պատասխանատու պաշտօնին վերջերս նշանակուելու կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթած երկու երկիրներու միջեւ դաշնակցային կապերու ամրապնդմանն ուղղուած աշխատանքին», —ըսուած է Ռուսիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։
ԱԳՆ-ն աւելցուցած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ռուս-հայկական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր։