image

Սարսափելի ոճիր Լիոնի մէջ. Զոհը՝ 18 տարեկան հայուհի Ալիսիան է

Սարսափելի ոճիր Լիոնի մէջ. Զոհը՝ 18 տարեկան հայուհի Ալիսիան է

 Ֆրանսայի մէջ սարսափելի ոճրագործութեան մը զոհ գացած է 18-ամեայ երիտասարդուհի Ալիսիա Բարսեղեանը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

Մեր ունեցած տուեալներով անցեալ շաբաթ Ալիսիան սովորականին պէս տունէն դուրս ելած է ու չէ վերադարձած։ Անոր ծնողները եւ յատկապէս մայրը՝ Սէնտի Բարսեղեանը դիմատետրի էջերով գրած են Ալիսիայի մասին մարդոցէ աղերսելով օգնութիւն բացայայտելու համար Ալիսիայի ճակատագիրը։ 

Աւելի ուշ Լիոնի 7-րդ շրջանին մէջ գտնուած է մանկամարդուհիի դին, եւ կարգ մը աղբիւրներու հաղորդմամբ ան առեւանգուած ու ապա բռնութիւններու ենթարկուելով սպաննուած է։

 Տեղի հայութիւնը յարգած է Ալիսիայի յիշատակը կատարելով մոմավառութիւն, իսկ Ալիսիայի թաղման կարգը տեղի ունեցած է օր Լիոնո «Պասթիյլի Սուրբ Յովսէփ» եկեղեցւոյ մէջ։