Ֆրանսայի մէջ սարսափելի ոճրագործութեան մը զոհ գացած է 18-ամեայ երիտասարդուհի Ալիսիա Բարսեղեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Մեր ունեցած տուեալներով անցեալ շաբաթ Ալիսիան սովորականին պէս տունէն դուրս ելած է ու չէ վերադարձած։ Անոր ծնողները եւ յատկապէս մայրը՝ Սէնտի Բարսեղեանը դիմատետրի էջերով գրած են Ալիսիայի մասին մարդոցէ աղերսելով օգնութիւն բացայայտելու համար Ալիսիայի ճակատագիրը։
Աւելի ուշ Լիոնի 7-րդ շրջանին մէջ գտնուած է մանկամարդուհիի դին, եւ կարգ մը աղբիւրներու հաղորդմամբ ան առեւանգուած ու ապա բռնութիւններու ենթարկուելով սպաննուած է։
Տեղի հայութիւնը յարգած է Ալիսիայի յիշատակը կատարելով մոմավառութիւն, իսկ Ալիսիայի թաղման կարգը տեղի ունեցած է օր Լիոնո «Պասթիյլի Սուրբ Յովսէփ» եկեղեցւոյ մէջ։
Դէպքին մասին այլ մանրամասնութիւններ չեն նշուիր եւ կը հաղորդուի նաեւ, որ ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է բացայայտելու համար սարսափելի ոճիրին հեղինակները։