Սուրիոյ պատերազմի ամէնաթէժ փուլերուն մեծ քաջութեամբ առանձնացած լուսանկարիչ ՝ հալէպահայ ճօրճ Ուրֆալեան նոր մրցանակի մը տիրացած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։
Նշենք, որ Ուրֆալեան այս մրցանակին տիրացած է Սուրիոյ «Սանա» գործակալութեան կողմէ կազմակերպուած մրցանքին յաղթելէ ետք, իսկ մրցանակին տիրացած է անցեալ ամիս Հալէպի «Շէյխ նաժժար» շրջանին մէջ ծագած մեծ հրդեհները լուսաբանելու համար (այս առիթով ալ լաւագոյն լուսանկար յայտարարուած անոր ստորեւ ներկայացուած լուսանկարը)։
Ճօրճ Ուրֆալեանը (Ծնեալ 1986-ին Հալէպ) սոսկական լուսանկարիչ մը չէ, այլ ան աւելին է։ Ան շնորհիւ իր քաջութեան եւ հնարամիտ ու արի մօտեցումներուն կարողացած է յայտնուիլ պատերազմի ամէնաթէժ ճակատներուն վրայ ու հոնկէ ալ իր թարմ վկայութիւններով եւ սուր անկիւններէ «որսացուած» լուսանկարներով կարողացած է վաւերագրել Սուրիոյ պատերազմի ամենածանր դրուագները։
Յաջողութիւնը մեր հայրենակիցին եւ խաղաղ երկինք հայ ժողովուրդը իր դռները լայն բացած սուրիական հայրենիքին։