image

Սալահէտին Տէմիրթաշ.«Մի Կարծէք, Որ Դագաղները Դրօշներով Պատելով Պիտի Մաքրէք Ձեր Մեղքերը»:

Սալահէտին Տէմիրթաշ.«Մի Կարծէք,  Որ Դագաղները Դրօշներով Պատելով Պիտի Մաքրէք  Ձեր Մեղքերը»:

 HDP Կուսակցութեան համանախագահ Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշ այսօր լրագրողներուն խօսելով նկատլ տուած է, որ    AKP   զգալով , որ կը կորսնցնէ իշխանութիւնը կը  փորձէ բոլոր միջոցները գործի լծելով     պահել իր  ուժը: Ան նաեւ  ըսած է, որ երկրին մէջ տիրող իրավիճակը  պետական   մտածողութեան կամ արարքներու արդիւնքը չէ այլ  Էրտողանի նախագահական պալատին թելադրանքներուն  եւ  գործելաձեւին արդիւնքը:  Տէմիրթաշ նաեւ ըսած է, որ   եթէ անկարելի է     համաձայնական կառավարութիւն մը կազմել պէտք է  կանխակաս ընտրութիւններ կայացնել եւ իրենք այդ առումով վախեր չունին եւ պատրաստ են ընտրութեան երթալու: Տէմիրթաշ    նկատել տուած է, որ   Թուրքիոյ  իշխանութիւնները կը փորձեն ամէն կերպ երկիրը քաղաքացիական պատերազմի տանիլ  եւ իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան ու պայքարին ատոր դէմ: «Մեր զաւակները կը սպաննէք  ու մենք  դիտողի դերին մէջ պիտի չմանանք» ըսած է Տէմիրթաշ ու յաւելած՝ «մի կարծէք, որ    դագաղները  դրօշներով պատելով  պիտի յաջողիք  մաքրել ձեր մեղքերը:»