image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանին հանդիպում. Ռուբինեան եւ Քըլըչ պիտի հանդիպին 30 յուլիսին

Սահմանին  հանդիպում. Ռուբինեան եւ Քըլըչ պիտի հանդիպին  30 յուլիսին

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները` Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըչը, վաղը`յուլիս 30-ին, պիտի հանդիպին հայ–թրքական սահմանին։

Տեղեկութիւնը յայտնած է թուրք հաղորդավարուհի Սենա Ալքան։

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները թուրք - հայկական սահմանին պիտի կայացնեն բանակցութիւններու 5-րդ փուլը»,– X-ի էջին գրած է թուրք հաղորդավարուհին։

Ըստ անոր` հանդիպումը պիտի կայանայ առաւօտեան՝ հայկական կողմի մօտ, ցերեկը՝ թրքական:

Ռուբինեանի եւ Քըլըչի հանդիպումը նախատեսուած էր յուլիս 3-ին, սակայն յետոյ թրքական կողմը հրաժարած էր։

ՀՀ ԱԳՆ–ն աւելի ուշ հաստատեց, որ յուլիս 30-ին Հայաստան-Թուրքիա սահմանին տեղի պիտի ունենայ յատուկ ներկայացուցիչներու 5-րդ հանդիպումը:

Յիշեցնենք՝ այս ձեւաչափով նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է աւելի քան 2 տարի առաջ՝ 2022 թուականի յուլիս 1-ին՝ Վիեննայի մէջ: