Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձեւաչափով հանդիպման։
Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ հանդիպման մեկնարկին Միրզոյեանը հանդէս եկած է մամուլի համար մեկնաբանութեամբ. «Ինձ համար պատիւ է եւ լաւ առիթ ներկայացնելու մերօրեայ Հայաստանը, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ մեր հնարաւորութիւններն ու ձգտումները:
Սա շատ լաւ հնարաւորութիւն է ներկայացնելու մեր պատկերացումները Եւրոպական Միութեան հետ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու, Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ իրականացուած աշխատանքների, ինչպէս նաեւ անելիքների վերաբերեալ։
Ի հարկէ, սա լաւ հնարաւորութիւն է նաեւ արտայայտելու մեր երախտագիտութիւնը Եւրոպական Միութեան աջակցութեան համար մեր ժողովրդավարական բարեփոխումներին»։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը նշած է, որ պիտի հասցէագրուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած փախստականներու հրատապ կարիքները, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացին եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր։