image
Հրատապ լուրեր:

S-400-ը Թուրքիոյ համար անհրաժեշտութիւ՞ն

S-400-ը  Թուրքիոյ համար  անհրաժեշտութիւ՞ն

Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «S-400»-ներու գնումը ոչ թէ ընտրութիւն, այլ անհրաժեշտութիւն էր, Անգարայի առաջնահերթութիւնը անվտանգութիւնն է, յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքար, հաղորդած է «Ռիա Նովոսթի»-ն՝ վկայակոչելով Anadolu գործակալութիւնը։

«Սա ընտրութիւն չէր, այլ՝ անհրաժեշտութիւն։ Այդ համակարգ մըն է, որ ոչ մէկուն կը վնասէ, եթէ յարձակում կամ սպառնալիք չկայ։ Մեր առաջնահերթութիւնը մեր երկրի՝ 84 միլիոն մարդու անվտանգութիւնն է։ Սա համակարգ է, որ չեն տրամադրած  մեր դաշնակիցները, բայց մենք մեզի տրամադրած ենք Ռուսաստանէն»,- ըսած է նախարարը։

Անոր խօսքով՝ «S-400»-ներու հարցին մէջ կարելի է «խելամիտ եւ տրամաբանական որոշումներ» գտնել: «Թուրքիան ճիշդ է այս հարցին մէջ»,- եզրափակած է նախարարը։

Ռուսաստան եւ Թուրքիա 2017-ին 2.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ «S-400» ՀՕՊ համակարգերու չորս բաժանումներով մատակարարման պայմանագիր ստորագրած են, թրքական կողմին մատակարարումները կատարուած են 2019-ի ամառ-աշնան։ Պայմանագիրը եւս մի գնդային հաւաքածոյի տարբերակ կը ներառէր: 2021-ի Օգոստոսի վերջը Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողան յայտարարած էր, որ «չի կասկածիր Ռուսաստանէն «Ս-400»-ներու երկրորդ գնդի գնման հարցով»։