image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ՝ տարածքային զիջումները կ'որոշեն ուքրանացի ժողովուրդը եւ Զէլէնսքին. Պլինքըն

Ռուսիոյ՝ տարածքային զիջումները կ'որոշեն ուքրանացի ժողովուրդը եւ Զէլէնսքին. Պլինքըն

Ուքրանիոյ ժողովուրդը եւ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքիի գլխաւորած կառավարութիւնը պէտք է ինքնուրոյն որոշեն տարածքային զիջումներու հնարաւորութեան հարցը, ԱՄՆ-ն չի պատրաստուիր պարտադրելու իր դիրքորոշումը: Այս մասին ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընը:

«Ուքրանիոյ ապագան ուքրանացիներու ձեռքերուն մէջ է: Այդ որոշումները պէտք է կայացնեն ուքրանացի ժողովուրդը եւ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած կառավարութիւնը, այդ շարքին` նախագահ Զէլէնսքին: Անոր որոշելիքն է, թէ ինչը կը բխի իր երկրի շահերէն: Մենք ալ պիտի սատարենք», լրագրողներու հարցին ի պատասխան ըսած է ան:

ԱՄՆ պետական քարտուղարը յաւելած է, որ ԱՄՆ-ն եւ արեւմտեան երկիրները «կ'աշխատին օրը 24 ժամ, շաբաթը եօթը օր, որպէսզի համոզուինք, որ անոնք (ուքրանացիները) պիտի ստանան այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է` Ռուսիոյ դէմ պատերազմ մղելու համար»: