Ռուսիոյ մէջ Հայ եղբայրական ժողովուրդի ցաւը միշտ ընդունուած են որպէս սեփական. այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին:
«Ապրիլի 24-ին կը լրանայ 20-րդ դարու առաջին կէսին տեղի ունեցած ամենաողբերգական իրադարձութիւններէն մէկու՝ Օսմանյան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը։ Ռուսիոյ մէջ եղբայրական հայ ժողովուրդի ցաւը միշտ ընդունած են որպէս սեփական ցաւ:
Պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ 1915-ին ռուսական կայսերական բանակի կովկասեան բանակը, Նիքոլայ 2-րդի հրամանով բանալով ռուս-թրքական սահմանը, փրկած է առնուազն 350,000 հայ: Մոսկուայի դիրքորոշումն այս իրադարձություններու վերաբերեալ յայտնի է. այն հետեւողական է եւ հիմնուած մարդասիրական աւանդոյթներու վրայ։
Արդէն 1915 թուականին ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավար Սերգէյ Սազոնովի նախաձեռնութեամբ միջազգային հանրութեան առաջատար անդամները կատարուածը որակեցին որպէս «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»:
Ժամանակակից Ռուսիան աշխարհի առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Տուման 1995 եւ 2005 թուականներուն օրէնսդրական մակարդակով դատապարտած է 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութիւնը», -ըսած է Զախարովան։