Ռուսիոյ Նովոսիպիրսք քաղաքին մէջ 22-ամեայ աղջիկն ինկած է շէնքի 13-րդ յարկէն եւ ողջ մնացած։ Այս մասին յայտնած է Mash թելեկրամեան ալիքը։
Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւայ, որ աղջիկը կ՚իյնայ խոտածածկոյթին, որմէ ետք նոյնիսկ կը կարողանայ ինքնուրոյն նստիլ։
Հաղորդուած է, որ միջադէպի հետեւանքով աղջիկը միայն թոքերու վնասուածք ստացած է։ Դէպքի վայր ժամանակ շտապօգնութեան աշխատակիցները անոր տեղափոխած են հիւանդանոց: