Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները առանց Ուքրանիայէն ռուսական զօրքերու ամբողջական դուրս ելլելով ճակատագրական աւարտ կ'ունենան բոլորին համար։ Այս մասին Թուիթըրով գրած է նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական՝ Միխայիլ Փոտոլեաք։
«Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները ռուսական roulet են՝ փամփուշտներով լի ատրճանակով եւ բոլորի համար ճակատագրական աւարտով։ Պատերազմի, ահաբեկչութեան եւ քրէական շանթաժի շարունակութիւնը»,- գրած է ան։
Փոտոլեաք յիշեցուցած է, որ նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքին արդէն նշած է բանակցային գործընթացի առանցքային յարաչափերը։
«Գլխաւոր պայմանը ռուսական բռնագրաւող զօրքերու դուրս ելլելն է Ուքրանիոյ բոլոր տարածքներէն»,- գրած է Փոտոլեաք ։