image

Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ դէմ յարձակման պարագային մեզի իրաւունք կը վերապահենք միջուկային զէնք կիրառելու. Փութին

Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ դէմ յարձակման պարագային մեզի իրաւունք կը վերապահենք միջուկային զէնք կիրառելու. Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին խօսած է Ռուսիոյ միջուկային վարդապետութեան մէջ կատարուելիք փոփոխութիւններու մասին:

«Մեզի իրաւունք կը վերապահենք միջուկային զէնք կիրառելու Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ՝ որպէս Միութենական պետութեան մասնակիցի դէմ յարձակման պարագային, այդ շարքին այն պարագային, եթէ հակառակորդը, օգտագործելով սովորական զէնք, ճգնաժամային սպառնալիք կը ստեղծէ մեր ինքնիշխանութեան համար։ Պելառուսական կողմի, Պելառուսիոյ նախագահի հետ այդ բոլոր հարցերը համաձայնեցուած են»,- ըսած է Փութինը։

Ան նաեւ յայտնած է, որ միջուկային տէրութեան աջակցութեամբ Ռուսիոյ դէմ որեւէ ոչ միջուկային պետութեան յարձակումը պիտի դիտուի որպէս յարձակում: Միջուկային զէնքի կիրառման հիմք այսուհետեւ կրնայ դառնալ ռազմական ինքնաթիռներու, թեւաւոր հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու զանգուածային յարձակման մեկնարկի մասին տեղեկութիւնը: