Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարներ Սերգէյ Շոյկուն եւ Լլոյտ Օսթընը հեռախօսով քննարկած են ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի վերաբերեալ իրավիճակը, որ ինկած է Սեւ ծովուն մէջ:
Այս մասին «Ռիա Նովոստի»ին յայտնած է Փենթակոնի աղբիւրը։
Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը չորեքշաբթի աւելի վաղ յայտնած էր, որ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Շոյկուի եւ Օսթընի միջեւ։
«Ես այդ կրնամ հաստատել»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք անօդաչու սարքի վերաբերեալ միջադէպը եղած է Շոյկուի եւ Օսթընի զրոյցի թեմայ։