Եւրոմիութիւնն սպառած Է Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներու ընդունման բոլոր հնարաւորութիւնները. նոր սահմանափակումներ մտցնելն առանց ինքն իրեն՝ Միութեան, վնասելու՝ դժուար պիտի ըլլայ: 30 Օգոստոսին այդ մասին հաղորդած Է Politico թերթը՝ վկայակոչելով եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:
«Գրեթէ բոլոր հնարաւորութիւններն օգտագործուած են, եւ այժմ իրօք բարդ Է գտնել արդիւնաւէտ միջոցներ, որոնք չեն հարուածեր հենց մեզի»,-ըսած է ան՝ նշելով, որ այդ բնաւ չի նշանակեր, որ Արեւելեան Եւրոպայէն կոշտ ուղեգիծի կողմնակիցները կը կորսնցնեն իրենց ազդեցութիւնը: Դիւանագէտը աւելցուցած Է, որ Եւրոմիութիւնն արդէն սահմանած Է այն պատժամիջոցները, որոնք ամէնէն հեշտն Էր ընդունիլը:
Ըսդ որում, մէկ այլ դիւանագէտ, որ կը ներկայացնԷ Արեւմտեան Եւոպայի երկիրներէն մէկը, թերթին յայտարարած Է, թէ ԵՄ-ն պատրաստ Է հետագային եւս աշխատելու սահմանափակումներու հարցով: «Մենք ցոյց տուած ենք, որ միասնական ենք եւ վճռականօրէն տրամադրուած այդ հարցով: Կը շարունակենք աշխատիլ՝ վերացնելու համար գոյութիւն ունեցող սողանցքերը եւ ապահովելու ընդունուած պատժամիջոցներու լիովին կատարումը: Մենք արդէն զգալի քանակութեամբ պատժամիջոցներ սահմանած ենք: Այդ ոչ մէկ պարագայի կարելի չէ խախտել»,- ըսած Է թերթի զրուցակիցը: