image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիան С-300 հրթիռներով հարուածած է Խարքովը. կան տուժածներ

Ռուսիան С-300 հրթիռներով հարուածած է Խարքովը. կան տուժածներ

Խարքովի մէջ յունուար 10-ի երեկոյեան հիւրանոցի հրթիռակոծութեան հետեւանքով տուժածներու թիւը հասած է 12-ի։ Բոլորը խաղաղ բնակիչներ են, այդ շարքին՝ օտարերկրեայ լրագրողներ։

Այս մասին դիմատետրի իր էջին յայտնած է Խարքովի մարզի ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Թիմոշքոն։

«Ռուսիան նպատակաուղղուած հարուածած է հիւրանոցը. այնտեղ յայտնաբերուած է չորս մեթր խորութեամբ խառնարան, իսկ ռուսական հրթիռը ոչնչացուցած է նաեւ մօտակայքը գտնուող մէկ այլ շէնք: Ընդամէնը երկու հրթիռ (նախնական տուեալներով՝ С-300)»,- աւելցուցած է ոստիկանութեան պետը։