Անգարայի մէջ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք համատեղ մամուլի ասուլիսին Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը յայտարարած է, որ կողմերը քննարկած են ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցեր։ Ան յայտնած է, որ քննարկուած է նաեւ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ։
«Միջազգային օրակարգէն քննարկած ենք իրավիճակը Մեձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Հարաւային Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ, Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ։ Մեծ ուշադրութիւն դարձուած է թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Այն սկսուած է ռուսական կողմի միջնորդութեամբ»,-ըսած է Լաւրովը՝ նշելով, որ Լիպիոյ եւ Պաղեստինի հարցը եւս մանրամասն քննարկուած է։
Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարն ըսած է, որ Մոսկուան հանդէս կու գայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի երկիրներու համագործակցութեան օգտին։
«Մենք կ'ողջունենք նաեւ մեր աջակցութեամբ սկսած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործըթնացը, փոխադրային ու հաղորդակցման ուղիներու ապաշրջափակման ուղղուած ջանքերը, Հարաւային Կովկասի յետպատերազմային վերականգնումը»,- նշած է Լաւրով։
Անոր խօսքով՝ գործընթացները կը կարգաւորուին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահներու եռակողմ յայտարարութիւններու շրջածիրէն ներս։
Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, թէ Մոսկուան յոյսով է, որ «ոչ տարածաշրջանային երկիրները չեն խանգարեր այդ գործընթացը»։