ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին սպառնացած է ծանր հետեւանքներով, եթէ վերջինս Ուքրանիոյ մէջ միջուկային զէնք օգտագործէ:
Ինչպէս գրած է Daily Mail-ը, ան նախազգուշացուցած է, որ Ռուսիոյ կողմէ միջուկային զէնքի որեւէ օգտագործում անընդունելի է եւ ըսած է, որ միջուկային պատերազմին հնարաւոր չէ յաղթել։
«Միջուկային զէնքի ցանկացած կիրառում բացարձակապէս անընդունելի է, այն ամբողջովին կը փոխէ հակամարտութեան բնոյթը, եւ Ռուսիան պէտք է իմանայ, որ միջուկային պատերազմին հնարաւոր չէ յաղթել եւ այն պէտք չէ սկսիլ: Երբ մենք կրկին ու կրկին կը տեսնենք միջուկային հռետորաբանութիւնը Ռուսիայէն, նախագահ Պութինէն, ուրեմն մենք ատոր պէտք է լուրջ վերաբերինք, եւ, հետեւաբար, մենք յստակ ուղերձ կը հաղորդենք, որ այդ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Ռուսիոյ համար», -ըսած է Սթոլթենպերկ:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չորեքշաբթի մասնակի զօրահաւաքի վերաբերեալ հեռուստաուղերձը աւարտելէ ետք ըսած է, որ Արեւմուտքը կը փորձէ Մոսկուային շանտաժի ենթարկել միջուկային զէնքով:
Պետութեան ղեկավարը յիշեցուցած է Արեւմուտքի բացայայտ հակառուսական քաղաքականութեան եւ երկիրը ոչնչացնելու Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի ձգտման մասին։ Ան նշած է, որ Ռուսիան իր պաշտպանութեան համար պիտի օգտագործէ գոյութիւն ունեցող բոլոր միջոցները։
Ան ըսած է, որ Ուաշինկթըն կը մղէ Քիեւը ռազմական գործողութիւնները Ռուսիոյ տարածք տեղափոխել, արդէն կը կիրառուի միջուկայինի սպառնալիք:
Ռուսիոյ նախագահը բացատրած է, որ խօսքը ոչ միայն Արեւմուտքի կողմէ խրախուսուող Զապորոժիէի աթոմակայանի գնդակոծման մասին է, որ յղի է միջուկային աղէտի վտանգով, այլեւ ՆԱԹՕ-ի առաջատար երկիրներու որոշ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու՝ Ռուսիոյ դէմ զանգուածային ոչնչացման զէնքի՝ միջուկային զէնքի կիրառման հնարաւորութեան ու թոյլատրելիութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններու մասին:
«Անոնց, որոնք իրենց թոյլ կու տան նման յայտարարութիւններ Ռուսիոյ վերաբերեալ, կ'ուզեմ յիշեցնել, որ մեր երկիրն ալ ունի ոչնչացման տարբեր միջոցներ, իսկ որոշ բաղադրիչներով աւելի ժամանակակից, քան ՆԱԹՕ-ի երկիրներինը: Եւ եթէ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուի, մենք, անշուշտ, կ'օգտագործենք մեր ձեռքի տակ եղած բոլոր միջոցները Ռուսիան եւ մեր ժողովուրդը պաշտպանելու համար»,- ըսած է Փութին։