image

Վենս կոչ ըրած է Թեհրանին բանակցութիւններ սկսելու միջուկային ծրագիրի շուրջ. Axios

Վենս կոչ ըրած է Թեհրանին բանակցութիւններ սկսելու միջուկային ծրագիրի շուրջ. Axios

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս նամակ յղած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսէն Ռեզայիին՝ նշելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է Թեհրանի հետ քննարկէ միջուկային հարցը՝ նախքան ամերիկեան հարուածները դադրեցնելու շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը։ Այս մասին կը հաղորդէ Axios լրատուական հարթակը՝ վկայակոչելով իրազեկ աղբիւրը։

«Վենս նամակ յղած է Ռեզայիին՝ ընդգծելով, որ միջուկային բանակցութիւնները անհրաժեշտ են ամերիկեան հարուածները դադրեցնելու շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու համար», ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան՝ առանց իր անունը յայտնելու։

Պաշտօնեային համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դրականօրէն արձագանգած է նամակին։

«Նախագահը ոգեւորուած էր նամակով», ըսած է աղբիւրը՝ հրաժարելով նշել, թէ երբ յղուած է այն։

Թրամփ Հոկտեմբեր 28-ին լրագրողներուն ըսած է, որ Վենսի նամակը կը վերաբերի Իրանին անհրաժեշտ բժշկական պարագաներ ձեռք բերելու աջակցութեան։

«Ըստ էութեան, խօսքը պարագաներու մատակարարման մասին է՝ օգնելու համար այն մարդոց, որոնք լաւ չեն զգար», ըսած է ան։

Մոհսէն Ռեզայիի ուղղուած նամակը վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու ունեցած ամենաբարձր մակարդակի շփումն է։ Այս զարգացումը տեղի կ՚ունենայ այն տեղեկութիւններու լոյսին տակ, թէ նախագահ Թրամփ կը քննարկէ միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք Իրանի մէջ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնը։

Բանակցութիւնները վերսկսելու ջանքերուն հիմնական խոչընդոտներէն մէկը Իրանի պահանջն է, որ Միացեալ Նահանգները նախ վերացնէ իր ծովային շրջափակումը, ապասառեցնէ իրանական դրամական միջոցները եւ արտօնէ նաւթի վաճառքը։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ կ՚ուզէ, որ Իրանը վերսկսի միջուկային ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները՝ նախքան պատժամիջոցներէն որեւէ մէկուն վերացումը։