ԱՄՆ-ն կը ձգտի օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման որոնումներուն մէջ, այդ պատճառով ալ սպառազինութիւն չի վաճառեր այս եւ միւս կողմին: Այս մասին յայտնած Է Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լի Լիցընպըրկըրը:
Ինչո՞վ բացատրել այն, որ ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընի կոչը Պաքուին եւ Երեւանին ամերիկեան սպառազինութիւն գնելու վերաբերեալ այդպէս ալ չէ իրականացուած:
Պատասխանելով այս հարցին ` դեսպանը ըսած է. «Գլխաւորը այն է, որ օգնենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հասնելու խաղաղութեան: Մեր սկզբունքային դիրքորոշումը այն է, որ ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւս կողմին մահաբեր սպառազինութիւն մատակարարուի: Մենք նաեւ պատասխանատուութիւն կը կրենք` ըլլալով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ: Ընդգծեմ, որ Ռուսաստանը եւս Մինսքի խումբի անդամ է, բայց բոլորովին այլ կերպ կը վերաբերի իր պարտաւորութիւններուն եւ զէնք կը մատակարարէ ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ատրպէյճանին: Մենք չենք կարծեր, որ այդ ընդունելի ճանապարհ է խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար», ըսած է դեսպանը:
Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանին միջոցներ եւ սարքաւորումներ կը մատակարարէ անվտանգութեան հարցերու լուծման համար: Վերջին տարիներուն այդ մատակարարումներու ծաւալները գերազանցած են 100 միլիոն տոլարը:
Մինչդեռ ամերիկացի դիւանագէտը լռած է Կովկասի մէջ ԱՄՆ-ի կարեւորագոյն գործընկեր Թուրքիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի մեծութեամբ երկրորդ անդամ երկրի անմիջական մասնակցութեան մասին` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակման մասնակցելու, Ատրպէյճանին մահացու զէնքի մատակարարման եւ վարձկաններու տեղափոխման մասին: